Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը ժողովը լքելով անհամաձայնութիւն յայտնած է Իսրայէլի ոստիկանութեան սահմանափակման

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն տարածած է «լոյսի» արարողութեան վերաբերեալ` նշելով, որ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպած են արարողութեան պատասխանատու` Իսրայէլի ոստիկաններուն հետ, որոնք տեղեկացուցած են, թէ ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու պիտի արտօնուի մասնակցիլ արարողութեան, որոնցմէ միայն 200-ը պէտք է ըլլան հայ: Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնած են այս նոր որոշման հետ եւ լքած են ժողովը: Այս մասին ֆէսյպուքեան իր էջով տեղեկացուցած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ստիպուած է սոյն յայտարարութիւնը հրապարակել` իր հաւատացեալներուն տեղեկացնելու այն սահմանափակումներուն մասին, որոնք Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը փորձէ պարտադրել այս տարի: Ապրիլ 11-ին, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները
13 Ապրիլի 2022
8 ր. ընթերցում
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը ժողովը լքելով անհամաձայնութիւն յայտնած է Իսրայէլի ոստիկանութեան սահմանափակման

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն տարածած է «լոյսի» արարողութեան վերաբերեալ` նշելով, որ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպած են արարողութեան պատասխանատու` Իսրայէլի ոստիկաններուն հետ, որոնք տեղեկացուցած են, թէ ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու պիտի արտօնուի մասնակցիլ արարողութեան, որոնցմէ միայն 200-ը պէտք է ըլլան հայ: Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնած են այս նոր որոշման հետ եւ լքած են ժողովը: Այս մասին ֆէսյպուքեան իր էջով տեղեկացուցած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ստիպուած է սոյն յայտարարութիւնը հրապարակել` իր հաւատացեալներուն տեղեկացնելու այն սահմանափակումներուն մասին, որոնք Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը փորձէ պարտադրել այս տարի:

Ապրիլ 11-ին, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան «լոյսի» արարողութեան պատասխանատու ոստիկաններուն հետ, որուն ընթացքին վերջիններս տեղեկացուցին, թէ այս տարի պէտք է ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու արտօնուի մասնակցիլ արարողութեան, որոնցմէ միայն 200-ը պէտք է ըլլան հայ: Մեր ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին եղած նոր որոշման եւ լքեցին ժողովը:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին բացառիկ իրաւունքներ ունի «լոյսի» արարողութեան ընթացքին, որոնք արձանագրուած են Սթաթուս Քօ-ի համաձայնագրին մէջ:

«Լոյսի» արարողութիւնը սկսելու համար Հայ Եկեղեցւոյ իրաւունքն է բանալ Սուրբ Յարութեան տաճարին դուռը, որուն կը մասնակցին հարիւրաւոր հայ եւ օտար ուխտաւորներ` ականատես ըլլալու այդ բացառիկ արարողութեան: Ապա Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը, կրկին հարիւրաւոր ուխտաւորներու ուղեկցութեամբ, հանդիսաւոր մուտք կը գործէ տաճար, որմէ ետք իր ներկայացուցիչը` Երուսաղէմի Յոյն Պատրիարքին հետ կը մտնէ Սուրբ Գերեզման, դուրս բերելու Քրիստոսի Յարութիւնը խորհրդանշող «լոյս-կրակը»:

Վերոնշեալ իրաւունքները դարեր շարունակ տարբեր իշխանութիւններու եւ տիրակալներու շրջանին իրագործուած են առանց որեւէ սահմանափակման: Ուստի, սոյն յայտարարութեամբ մենք մեր անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք Իսրայէլի ոստիկանութեան սահմանափակումներու որոշման դէմ եւ կը պահանջենք, որ այս տարի եւս, նախորդ տարիներու նման, «լոյսի» արարողութիւնը կատարուի առանց հաւատացեալներու թիւի սահամանափակումներու:

Իսրայէլի կառավարութիւնը միջազգային պարտաւորութիւն ստանձնած է ապահովելու կրօնական արարողութիւններու ազատութիւնը եւ կազմակերպելու անոնց անխափան կայացումը: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը յարգէ այս յաձնառութիւնը եւ չեղեալ նկատէ սահմանափակումներու վերաբերեալ իր առած որոշումը»:

Փառուխի մէջ Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը. վիրաւորուած է մէկ զինծառայող. ՌԴ ՊՆ
Նախորդ նիւթը

Փառուխի մէջ Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը. վիրաւորուած է մէկ զինծառայող. ՌԴ ՊՆ

Վահագն Խաչատուրեան եւ Գագիկ Ջհանգիրեանը միտքեր փոխանակած են դատաիրաւական համակարգ բարեփոխումներու շուրջ
Յաջորդ նիւթը

Վահագն Խաչատուրեան եւ Գագիկ Ջհանգիրեանը միտքեր փոխանակած են դատաիրաւական համակարգ բարեփոխումներու շուրջ

ԱնցնիլՎեր