Զելենսքին ռազմական դրութիւն յայտարարած է Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքին

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ռազմական դրութիւն յայտարարած է երկրի ամբողջ տարածքին:  Զելենսքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ու պաշտպանական համակարգերը կ’աշխատին: «Խուճապի մի մատնուիք, մենք ուժեղ ենք, մենք պիտի յաղթենք», դիմելով քաղաքացիներուն` ըսած է Զելենսքին: Ան տեղեկացուցած է, որ արդէն խօսած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ եւ ամերիկեան կողմը արդէն միջազգային օգնութիւն կը նախապատրաստէ Ուքրանիոյ համար: Յիշեցնենք, որ Փետրուար 24-ի վաղ առաւօտեան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդէս եկած էր նոր ուղերձով` յայտնելով Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութիւն սկսելու որոշման մասին: «Հանգամանքները մեզմէ կը պահանջեն վճռական ու անյապաղ գործողութիւններ: Տոնպասի ժողովրդական հանրապետութիւնները խնդրանքով դիմած են Ռուսաստանին: Անոր հետ կապուած որոշած
24 Փետրվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Զելենսքին ռազմական դրութիւն յայտարարած է Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքին

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ռազմական դրութիւն յայտարարած է երկրի ամբողջ տարածքին: 

Զելենսքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ու պաշտպանական համակարգերը կ’աշխատին: «Խուճապի մի մատնուիք, մենք ուժեղ ենք, մենք պիտի յաղթենք», դիմելով քաղաքացիներուն` ըսած է Զելենսքին:

Ան տեղեկացուցած է, որ արդէն խօսած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ եւ ամերիկեան կողմը արդէն միջազգային օգնութիւն կը նախապատրաստէ Ուքրանիոյ համար:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 24-ի վաղ առաւօտեան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդէս եկած էր նոր ուղերձով` յայտնելով Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութիւն սկսելու որոշման մասին:

«Հանգամանքները մեզմէ կը պահանջեն վճռական ու անյապաղ գործողութիւններ: Տոնպասի ժողովրդական հանրապետութիւնները խնդրանքով դիմած են Ռուսաստանին: Անոր հետ կապուած որոշած եմ յատուկ ռազմական գործողութիւն իրականացնել», յայտարարած է Փութին:

Փութին յայտարարած է Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկի մասին
Նախորդ նիւթը

Փութին յայտարարած է Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկի մասին

«Եւրոնեսթ» վեհաժողովին մեր պատգամաւորները բարձրաձայնած են հայ ռազմագերիներու հարցը. Մարիա Կարապետեան
Յաջորդ նիւթը

«Եւրոնեսթ» վեհաժողովին մեր պատգամաւորները բարձրաձայնած են հայ ռազմագերիներու հարցը. Մարիա Կարապետեան

ԱնցնիլՎեր