Զինուորներուն ստիպած են որոշ մարտական դիրքեր թողել թշնամիին, կայ ձերբակալուած․ ԱԱԾ-ի կողմէ հետաքննութիւն սկսած է

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․ «Սիրելի հայրենակիցներ. Մի քանի օր առաջ ահազանգ ստացայ, թէ առաջնագիծի հատուածներէն մէկուն մէջ ինչ-որ մարդիկ գացած եւ կռուող զինուորներուն համոզած են, թէ «Նիկոլը հողերը ծախած է, թէ սա իրականութեան մէջ պայմանաւորուած պատերազմ է, ձեզի այտեղ բերեր-մսաղացի մէջ նետեր են, որ կոտորեն, որ պայմանաւորուածութիւնը չերեւայ, դիրքերը պահելը իմաստ չունի»: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ զինուորներուն համոզելով, նոյնիսկ հրամայելով ստիպած են որոշ մարտական դիրքեր թողել թշնամիին: Իմ յանձնարարութեամբ ԱԱԾ-ի կողմէ սկսած է հետաքննութիւն, եւ գործող գլխաւոր անձերէն  մէկը, որ Ստեփանակերտի բնակիչ է, յայտնաբերուած է եւ ձերբակալուած է Երեւանի մէջ: Յարուցուած քրէական գործի շրջածիրէն ներս տեղի
8 Հոկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Զինուորներուն ստիպած են որոշ մարտական դիրքեր թողել թշնամիին, կայ ձերբակալուած․ ԱԱԾ-ի կողմէ հետաքննութիւն սկսած է

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է․

«Սիրելի հայրենակիցներ.

Մի քանի օր առաջ ահազանգ ստացայ, թէ առաջնագիծի հատուածներէն մէկուն մէջ ինչ-որ մարդիկ գացած եւ կռուող զինուորներուն համոզած են, թէ «Նիկոլը հողերը ծախած է, թէ սա իրականութեան մէջ պայմանաւորուած պատերազմ է, ձեզի այտեղ բերեր-մսաղացի մէջ նետեր են, որ կոտորեն, որ պայմանաւորուածութիւնը չերեւայ, դիրքերը պահելը իմաստ չունի»:

Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ զինուորներուն համոզելով, նոյնիսկ հրամայելով ստիպած են որոշ մարտական դիրքեր թողել թշնամիին: Իմ յանձնարարութեամբ ԱԱԾ-ի կողմէ սկսած է հետաքննութիւն, եւ գործող գլխաւոր անձերէն  մէկը, որ Ստեփանակերտի բնակիչ է, յայտնաբերուած է եւ ձերբակալուած է Երեւանի մէջ: Յարուցուած քրէական գործի շրջածիրէն ներս տեղի կ’ունենայ քննութիւն, որուն շնորհիւ պիտի պարզուի, թէ վերը նշուած տեղեկութիւններէն որմէկը իրական է, որմէկը՝ մտացածին: Այս պահուն կը քննուին տարբեր վարկածներ, ներառեալ քաղաքական ուղղորդման վարկածը, բայց դեռ շատ բան պարզուած չէ:

Մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք ունին համանման տեղեկութիւններ, կոչ կ’ընեմ դիմելու Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: Դաւաճանները պէտք չէ տեղ ունենան մեր շարքերուն մէջ եւ մեր հերոսական զինուորներու, կամաւորներու, ազատամարտիկներու թիկունքը պէտք է մաքրել համանման տարրերէ:

Ու յաղթանակը հայ ժողովուրդինը պիտի ըլլայ: Յանու՛ն հայրենիքի»:

Հոկտեմբեր 3-ի դրութեամբ Կեանճայի օդակայանին մէջ եղած է առնուազն երկու թրքական F-16
Նախորդ նիւթը

Հոկտեմբեր 3-ի դրութեամբ Կեանճայի օդակայանին մէջ եղած է առնուազն երկու թրքական F-16

Եւս 30 նահատակ.ՊՆ-ն հրապարակած է նոր անուններ
Յաջորդ նիւթը

Եւս 30 նահատակ.ՊՆ-ն հրապարակած է նոր անուններ

ԱնցնիլՎեր