Զօր. Կամօ Քոչունց պիտի կատարէ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի պետի պարտաւորութիւնները

ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները դրուած է ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունցի վրայ: Այս տեղեկութիւնը հաստատեցին Պաշտպանութեան Նախարարութենէն: Ըստ տեղեկութիւններուն՝ ՊՆ-ի ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի նշանակման համար հարց դրուած էր երկու թեկնածուի՝ ԶՈւ Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ՝ Կամօ Քոչունցի եւ Առաքել Մարտիկեանի: Աւելի վաղ, Փետրուար 24-ին, Արտակ Դաւթեան ազատուած էր ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնէն: Նոյն օրը Գլխաւոր շտաբէն ներս տեղի ունեցած էին անձնակազմային շարք մը այլ փոփոխութիւններ՝ ազատումներ ու նշանակումներ:
1 Մարտի 2022
2 ր. ընթերցում
Զօր. Կամօ Քոչունց պիտի կատարէ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի պետի պարտաւորութիւնները

ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները դրուած է ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի առաջին տեղակալ Կամօ Քոչունցի վրայ: Այս տեղեկութիւնը հաստատեցին Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ ՊՆ-ի ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի նշանակման համար հարց դրուած էր երկու թեկնածուի՝ ԶՈւ Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ՝ Կամօ Քոչունցի եւ Առաքել Մարտիկեանի:

Աւելի վաղ, Փետրուար 24-ին, Արտակ Դաւթեան ազատուած էր ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնէն: Նոյն օրը Գլխաւոր շտաբէն ներս տեղի ունեցած էին անձնակազմային շարք մը այլ փոփոխութիւններ՝ ազատումներ ու նշանակումներ:

Ռուսական մարտական օդային ուժերը կ'իշխեն Ուքրանիոյ ամբողջ օդային տարածքին վրայ
Նախորդ նիւթը

Ռուսական մարտական օդային ուժերը կ’իշխեն Ուքրանիոյ ամբողջ օդային տարածքին վրայ

2021-ի ընթացքին Արցախի մէջ ծնած է 1463 երեխայ
Յաջորդ նիւթը

2021-ի ընթացքին Արցախի մէջ ծնած է 1463 երեխայ

ԱնցնիլՎեր