Էրտողանի հետ կը հանդիպիմ միայն Սուրիայէն թրքական զօրքերու դուրսբերումէն ետք. Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ պատրաստ է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ հանդիպելու՝ Սուրիայէն թրքական զօրքերու դուրսբերումէն ետք։ Այս մասին Ասատ ըսած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին։ «Ինչ կը վերաբերի Էրտողանի հետ հանդիպման, ապա այդ կապուած է այն փուլին հասնելու հետ, երբ Թուրքիան յստակ ձեւով եւ առանց որեւէ անորոշութեան պատրաստ կ’ըլլայ Սուրիոյ տարածքէն զօրքերու ամբողջական դուրսբերման, կը դադարեցնէ աջակցութիւնը ահաբեկչութեան եւ կը վերադառնայ այն իրավիճակին, որ եղած է մինչեւ Սուրիոյ պատերազմի սկսիլը»,-ըսած է ան՝ սա համարելով միակ տարբերակը, որով հնարաւոր է բանակցութիւններ վարել Էրտողանի հետ։ «Սա միակ տարբերակն է, որով կրնայ կայանալ իմ հանդիպումը Էրտողանի հետ»,- վստահեցուցած
16 Մարտի 2023
3 ր. ընթերցում
Էրտողանի հետ կը հանդիպիմ միայն Սուրիայէն թրքական զօրքերու դուրսբերումէն ետք. Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ պատրաստ է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ հանդիպելու՝ Սուրիայէն թրքական զօրքերու դուրսբերումէն ետք։ Այս մասին Ասատ ըսած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին։

«Ինչ կը վերաբերի Էրտողանի հետ հանդիպման, ապա այդ կապուած է այն փուլին հասնելու հետ, երբ Թուրքիան յստակ ձեւով եւ առանց որեւէ անորոշութեան պատրաստ կ’ըլլայ Սուրիոյ տարածքէն զօրքերու ամբողջական դուրսբերման, կը դադարեցնէ աջակցութիւնը ահաբեկչութեան եւ կը վերադառնայ այն իրավիճակին, որ եղած է մինչեւ Սուրիոյ պատերազմի սկսիլը»,-ըսած է ան՝ սա համարելով միակ տարբերակը, որով հնարաւոր է բանակցութիւններ վարել Էրտողանի հետ։

«Սա միակ տարբերակն է, որով կրնայ կայանալ իմ հանդիպումը Էրտողանի հետ»,- վստահեցուցած է Ասատ։

Նախագահը նաեւ մատնանշած է այն բացասական դերը, որ Թուրքիան խաղցած է Սուրիոյ պատերազմին՝ աջակցելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն։ «Մեզի համար Թուրքիան զաւթիչ պետութիւն է»,- եզրափակած է Սուրիոյ նախագահը:

Ատրպէյճանցիները կրակած են խաղողի այգիի մէջ աշխատող արցախցիներու ուղղութեամբ.  աշխատանքները  դադրած են
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները կրակած են խաղողի այգիի մէջ աշխատող արցախցիներու ուղղութեամբ. աշխատանքները դադրած են

Եւրոպական խորհրդարանը կը դատապարտէ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը եւ Լաչինի միջանցքի փակումը
Յաջորդ նիւթը

Եւրոպական խորհրդարանը կը դատապարտէ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը եւ Լաչինի միջանցքի փակումը

ԱնցնիլՎեր