Էրտողան հրաժարած է արեւմտեան 10 երկիրներու դեսպաններու արտաքսման սպառնալիքներէն

Թուրքիոյ նախագահը ետ կանգնած է 10 արեւմտեան երկիրներու դեսպանները արտաքսելու որոշումէն: Այդ մասին Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, ընդգծելով, որ դեսպանները հրաժարած են իրենց աւելի վաղ յայտնած դիրքորոշումէն եւ այսուհետեւ աւելի զգոյշ պիտի ըլլան իրենց յայտարարութիւններուն մէջ։ Գանատայի, Ֆրանսայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Նիւ Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ ԱՄՆ-ի դեսպանները Թուիթըրի մէջ յայտարարութիւն տարածած են՝ նշելով, որ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համագումարին համապատասխան՝ չեն պատրաստուիր խառնուելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն։ Նշենք, որ 23 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հրահանգած էր Արտաքին Գործոց նախարարութեան՝ արտաքսել 10 դեսպանները, այն բանէն ետք, երբ անոնք կոչ ըրած էին ազատ արձակելու թուրք իրաւապաշտպան, հասարակական գործիչ եւ գործարար
26 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Էրտողան հրաժարած է արեւմտեան 10 երկիրներու դեսպաններու արտաքսման սպառնալիքներէն

Թուրքիոյ նախագահը ետ կանգնած է 10 արեւմտեան երկիրներու դեսպանները արտաքսելու որոշումէն: Այդ մասին Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, ընդգծելով, որ դեսպանները հրաժարած են իրենց աւելի վաղ յայտնած դիրքորոշումէն եւ այսուհետեւ աւելի զգոյշ պիտի ըլլան իրենց յայտարարութիւններուն մէջ։

Գանատայի, Ֆրանսայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Նիւ Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ ԱՄՆ-ի դեսպանները Թուիթըրի մէջ յայտարարութիւն տարածած են՝ նշելով, որ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համագումարին համապատասխան՝ չեն պատրաստուիր խառնուելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն։

Նշենք, որ 23 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հրահանգած էր Արտաքին Գործոց նախարարութեան՝ արտաքսել 10 դեսպանները, այն բանէն ետք, երբ անոնք կոչ ըրած էին ազատ արձակելու թուրք իրաւապաշտպան, հասարակական գործիչ եւ գործարար Օսման Քավալան, որ կը մեղադրուի պետական յեղաշրջման փորձի համար։

արդ եւս. Արեւմտահայ Մշակոյթի Նոր Ծրագիր
Նախորդ նիւթը

արդ եւս. Արեւմտահայ Մշակոյթի Նոր Ծրագիր

Էրտողան մասնակցած է բռնագրաւուած Վարանդայի մէջ օդակայանի բացման
Յաջորդ նիւթը

Էրտողան մասնակցած է բռնագրաւուած Վարանդայի մէջ օդակայանի բացման

ԱնցնիլՎեր