Ընդդիմադիր պատգամաւորներուն թոյլ չեն տուած մուտք գործել Արցախ

ՀՀ ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն թոյլ չէ տրուած մտնել Արցախի Հանրապետութիւն: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջով տեղեկացուցած է ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը: Գրառման համաձայն՝ Արցախի խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումը կայացած է Աղաւնոյի անցակէտին մօտ: Յիշեցնենք՝ այսօր խորհրդարանական ընդդիմութիւնը չէր մասնակցած քառօրեայ նիստերուն՝ նշելով, որ պիտի մեկնին Հայաստանի սահմանամերձ մարզեր եւ Արցախի Հանրապետութիւն: Այս մասին ԱԺ նիստի ընթացքին յայտարարած էր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը: Ան եւ ընդդիմադիր միւս պատգամաւորները Արցախի դրօշը տեղադրած էին ԱԺ ամպիոնին եւ իրենց սեղաններուն:
12 Ապրիլի 2022
2 ր. ընթերցում
Ընդդիմադիր պատգամաւորներուն թոյլ չեն տուած մուտք գործել Արցախ

ՀՀ ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն թոյլ չէ տրուած մտնել Արցախի Հանրապետութիւն: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջով տեղեկացուցած է ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Գրառման համաձայն՝ Արցախի խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումը կայացած է Աղաւնոյի անցակէտին մօտ:

Յիշեցնենք՝ այսօր խորհրդարանական ընդդիմութիւնը չէր մասնակցած քառօրեայ նիստերուն՝ նշելով, որ պիտի մեկնին Հայաստանի սահմանամերձ մարզեր եւ Արցախի Հանրապետութիւն: Այս մասին ԱԺ նիստի ընթացքին յայտարարած էր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը: Ան եւ ընդդիմադիր միւս պատգամաւորները Արցախի դրօշը տեղադրած էին ԱԺ ամպիոնին եւ իրենց սեղաններուն:

Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ. Փաշինեան ՀՀ ԱԻՆ աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարարը
Նախորդ նիւթը

Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ. Փաշինեան ՀՀ ԱԻՆ աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարարը

Պատգամաւորներու մուտքն Արցախ արգիլելը կը հակասէ եռակողմ յայտարարութեան․ ՀՀ ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Պատգամաւորներու մուտքն Արցախ արգիլելը կը հակասէ եռակողմ յայտարարութեան․ ՀՀ ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր