Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ. Փաշինեան ՀՀ ԱԻՆ աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարարը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար Արմէն Փամբուխչեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն: Վարչապետը յաջողութիւններ մաղթած է պարոն Փամբուխչեանին կարեւոր աշխատանքին եւ յոյս յայտնած է, որ անոր պաշտօնավարման շնորհիւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան արդիւնաւէտութեան աստիճանը պիտի բարձրանայ: Հայաստանի մէջ ի վերջոյ օրէնքի գերակայութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: «Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չլինի, եւ ի վերջոյ այդպէս է եւ այդպէս էր նաեւ այս իրադարձութիւններից առաջ: Յոյս ունեմ, որ բոլորս այս ուղերձը շատ յստակ եւ ուղիղ ենք ընկալում», ըսած է վարչապետը: Արմէն Փամբուխչեանը նախագահին հրամանագրով նշանակուած է արտակարգ իրավիճակներու նախարար: Նախկին նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանը,
12 Ապրիլի 2022
4 ր. ընթերցում
Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ. Փաշինեան ՀՀ ԱԻՆ աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարարը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար Արմէն Փամբուխչեանը:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն:

Վարչապետը յաջողութիւններ մաղթած է պարոն Փամբուխչեանին կարեւոր աշխատանքին եւ յոյս յայտնած է, որ անոր պաշտօնավարման շնորհիւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան արդիւնաւէտութեան աստիճանը պիտի բարձրանայ:

Հայաստանի մէջ ի վերջոյ օրէնքի գերակայութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չլինի, եւ ի վերջոյ այդպէս է եւ այդպէս էր նաեւ այս իրադարձութիւններից առաջ: Յոյս ունեմ, որ բոլորս այս ուղերձը շատ յստակ եւ ուղիղ ենք ընկալում», ըսած է վարչապետը:

Արմէն Փամբուխչեանը նախագահին հրամանագրով նշանակուած է արտակարգ իրավիճակներու նախարար: Նախկին նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանը, որ կը մեղադրուի փտած գործարքներու մասնակցելու մէջ եւ Մարտ 31-էն կալանաւորուած է, պաշտօնէն ազատուած է Ապրիլ 1-ին:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ չափազանց կը ցաւի իրադարձութիւններու նման զարգացման համար, յիշեցուցած է անմեղութեան կանխավարկածի մասին, յորդորած է այս կանխավարկածով ալ առաջնորդուիլ:

Անդրանիկ Փիլոյեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարն էր 2020-ի Նոյեմբերէն, երբ 2018-էն այս պաշտօնը զբաղեցնող Ֆելիքս Ցոլակեանը հրաժարական ներկայացուց: Պատերազմի թէժ օրերուն Փաշինեանը յայտնած էր, որ Փիլոյեանը կ’արժանանայ «Ազգային Հերոս»ի կոչման: Երկու օր անց ան նախագահին հրամանագրով պարգեւատրուած էր «Ազգային Հերոս»ի կոչումով:

Վա՛ր դրէք մանթատները. Սէյրան Օհանեանը Արցախի դրօշը տեղադրեց ԱԺ ամպիոնին, ընդդիմութիւնը հեռացաւ դահլիճէն
Նախորդ նիւթը

Վա՛ր դրէք մանթատները. Սէյրան Օհանեանը Արցախի դրօշը տեղադրեց ԱԺ ամպիոնին, ընդդիմութիւնը հեռացաւ դահլիճէն

Ընդդիմադիր պատգամաւորներուն թոյլ չեն տուած մուտք գործել Արցախ
Յաջորդ նիւթը

Ընդդիմադիր պատգամաւորներուն թոյլ չեն տուած մուտք գործել Արցախ

ԱնցնիլՎեր