Թեհրան կ’աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան այդ երկրով անցնող բոլոր ճանապարհներու նկատմամբ. Իպրահիմ Ռայիսի

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ  3 Յունուարին ունեցած հեռախօսազրոյցով անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքով հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Իպրահիմ Ռայիսին կոչ ըրած է շարունակելու երկխօսութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ ամենատարբեր մակարդակներով: «Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի զգայունութիւնը կը պահանջէ, որ տարածաշրջանի երկիրները պարբերաբար քննարկեն տարածաշրջանային եւ երկկողմանի հարցեր: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան աջակցիլն է: Այս առումով Թեհրան կ’աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան այդ երկրով անցնող բոլոր ճանապարհներու նկատմամբ»,-ըսած է Իրանի նախագահը: Նաեւ նշուած է, որ Թեհրան կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ բանակցային
4 Հունվարի 2022
3 ր. ընթերցում
Թեհրան կ'աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան այդ երկրով անցնող բոլոր ճանապարհներու նկատմամբ. Իպրահիմ Ռայիսի

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ  3 Յունուարին ունեցած հեռախօսազրոյցով անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքով հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Իպրահիմ Ռայիսին կոչ ըրած է շարունակելու երկխօսութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ ամենատարբեր մակարդակներով:

«Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի զգայունութիւնը կը պահանջէ, որ տարածաշրջանի երկիրները պարբերաբար քննարկեն տարածաշրջանային եւ երկկողմանի հարցեր: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան աջակցիլն է: Այս առումով Թեհրան կ’աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան այդ երկրով անցնող բոլոր ճանապարհներու նկատմամբ»,-ըսած է Իրանի նախագահը:

Նաեւ նշուած է, որ Թեհրան կ’ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ բանակցային գործընթացի առաջընթացը: Իրանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ խնդիրները կը լուծուին խաղաղ ճանապարհով միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ: «Մենք կ’աջակցինք ճանապարհներու ապաշրջափակման»,-նշած է Իրանի նախագահը:

Փարիզը պիտի շարունակէ նպաստել Երեւանի եւ ԵՄ միջեւ համագործակցութեան
Նախորդ նիւթը

Փարիզը պիտի շարունակէ նպաստել Երեւանի եւ ԵՄ միջեւ համագործակցութեան

Ծառայակիցը սպանելու կասկածանքով ձերբակալուած է զինծառայող
Յաջորդ նիւթը

Ծառայակիցը սպանելու կասկածանքով ձերբակալուած է զինծառայող

ԱնցնիլՎեր