Թշնամին աշխոյժ եղած է սահմանի 3 ուղղութիւններով, կրած է մարդկային ուժի եւ ռազմական սարքերու լուրջ կորուստներ, ոչնչացուած է. ՊԲ

Նոյեմբեր 4-ի լոյս 5-ի գիշերը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է: Թշնամական ուժերը առանձնակի աշխոյժութիւն դրսեւորած են արեւելեան, հարաւ-արեւելեան ու հարաւային ուղղութիւններով: Հակառակորդի գրոհային խումբերու կողմէ ձեռնարկուած բազմակի գրոհները ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ յաջողութեամբ կասեցուած են: Թշնամին կրած է մարդկային ուժի եւ ռազմական սարքերու լուրջ կորուստներ: Հակառակորդը երկու գրոհային խումբերու կազմով յարձակման փորձ ձեռնարկած է նաեւ հիւսիսային հատուածին մէջ, որոնք ժամանակին հաւաստանշուած եւ ոչնչացուած են բանակային ստորաբաժանումներու կողմէ: Օրուայ ընթացքին Արցախի խաղաղ բնակավայրերը շարունակած են մնալ թշնամական ուժերու հրթիռահրետանային կրակի թիրախային գօտիի մէջ: Ներկայ պահուն թշնամական ուժերու՝ յարձակման փորձերը նշուած ուղղութիւններով կը շարունակուին: Մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի ամբողջ
5 Նոյեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Թշնամին աշխոյժ եղած է սահմանի 3 ուղղութիւններով, կրած է մարդկային ուժի եւ ռազմական սարքերու լուրջ կորուստներ, ոչնչացուած է. ՊԲ

Նոյեմբեր 4-ի լոյս 5-ի գիշերը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է: Թշնամական ուժերը առանձնակի աշխոյժութիւն դրսեւորած են արեւելեան, հարաւ-արեւելեան ու հարաւային ուղղութիւններով:

Հակառակորդի գրոհային խումբերու կողմէ ձեռնարկուած բազմակի գրոհները ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ յաջողութեամբ կասեցուած են: Թշնամին կրած է մարդկային ուժի եւ ռազմական սարքերու լուրջ կորուստներ:

Հակառակորդը երկու գրոհային խումբերու կազմով յարձակման փորձ ձեռնարկած է նաեւ հիւսիսային հատուածին մէջ, որոնք ժամանակին հաւաստանշուած եւ ոչնչացուած են բանակային ստորաբաժանումներու կողմէ: Օրուայ ընթացքին Արցախի խաղաղ բնակավայրերը շարունակած են մնալ թշնամական ուժերու հրթիռահրետանային կրակի թիրախային գօտիի մէջ:

Ներկայ պահուն թշնամական ուժերու՝ յարձակման փորձերը նշուած ուղղութիւններով կը շարունակուին:

Մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի ամբողջ երկայնքով կը վերահսկուին ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ:

 

Ամերիկայի մէջ հայերը բողոքի ցոյց կատարած են «BGR Group» ընկերութեան դիմաց՝ պահանջելով խզել կապերը Ատրպէյճանի հետ
Նախորդ նիւթը

Ամերիկայի մէջ հայերը բողոքի ցոյց կատարած են «BGR Group» ընկերութեան դիմաց՝ պահանջելով խզել կապերը Ատրպէյճանի հետ

Մարտունիի մէջ ծանր հրետանի կիրառուած է, Շուշին հրետակոծուած է ամենատարբեր զինատեսակներով․ ԱՀ ԱԻՊԾ
Յաջորդ նիւթը

Մարտունիի մէջ ծանր հրետանի կիրառուած է, Շուշին հրետակոծուած է ամենատարբեր զինատեսակներով․ ԱՀ ԱԻՊԾ

ԱնցնիլՎեր