Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հայերը բողոքի ցոյց կատարած են «BGR Group» ընկերութեան դիմաց՝ պահանջելով խզել կապերը Ատրպէյճանի հետ, բողոքելով Արցախի մէջ Ադրբեջանի պատերազմական հանցագործութիւնները կոծկելու համար:
Ցուցարարները պահանջած են դադարեցնել կոծկել նաւթով հարստացած բռնապետութեան ռազմական յանցագործութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ խաղաղ բնակիչներու դէմ:
Հաւաքուածները պաստառներ բարձրացուցած են, որոնց վրայ գրուած եղած են՝ «BGR-ը կը ֆինանսաւորէ պատերազմական յանցագործութիւնները», «Կանգնեցուցէք Ալիեւի ռեժիմին», ծածանած են Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները:
«BGR Group»-ը Ուաշինկթընի մէջ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանը՝ հայ քաղաքացիական անձանց նկատմամբ Ալիեւի ռազմական յանցագործութիւնները կոծկելու նպատակով տարածելով կեղծիքներ:




