Թորոս Թորանեանն ալ դարձաւ յաւերժի ճամբորդ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը հալէպահայ բժիշկ, արձակագիր եւ մտաւորական Թորոս Թորանեանի: Կորսնցուցինք համեստ հայ մտաւորական մը, որ իր հողին կարօտ հայ ժողովուրդի յոյզերուն թարգմանն էր իր բեղուն գրիչին եւ գրական գործունէութեան միջոցով:  Հայ Դատի մեծ պաշտպան մը կորսնցուցինք: Մտաւորական մը, որ իր գրիչով արեւմտահայուն միտքին մէջ վառ պահեց մեր կորսնցուցած  հայրենիքի յուշերը եւ արժէքը: Թորոս Թորանեան միշտ պիտի յիշուի որպէս հայրենասէր գրականագէտ, արձակագիր, նոր սերունդի գրողներ քաջալերող, հայկական գրականութիւնը վառ պահող գլխագիր մարդ: Թորանեան կը գտնէր տպուելիք երկեր եւ ունէր բարերար բարեկամներու հոյլ մը, որոնք կը քաջալերէին իր առաջարկած գրողներու երկերը, անոնց
7 Հունիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Թորոս Թորանեանն ալ դարձաւ յաւերժի ճամբորդ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը հալէպահայ բժիշկ, արձակագիր եւ մտաւորական Թորոս Թորանեանի: Կորսնցուցինք համեստ հայ մտաւորական մը, որ իր հողին կարօտ հայ ժողովուրդի յոյզերուն թարգմանն էր իր բեղուն գրիչին եւ գրական գործունէութեան միջոցով:  Հայ Դատի մեծ պաշտպան մը կորսնցուցինք: Մտաւորական մը, որ իր գրիչով արեւմտահայուն միտքին մէջ վառ պահեց մեր կորսնցուցած  հայրենիքի յուշերը եւ արժէքը:

Թորոս Թորանեան միշտ պիտի յիշուի որպէս հայրենասէր գրականագէտ, արձակագիր, նոր սերունդի գրողներ քաջալերող, հայկական գրականութիւնը վառ պահող գլխագիր մարդ: Թորանեան կը գտնէր տպուելիք երկեր եւ ունէր բարերար բարեկամներու հոյլ մը, որոնք կը քաջալերէին իր առաջարկած գրողներու երկերը, անոնց տպագրութեան մեկենասը ըլլալով: Թորանեան գործակցեցաւ բոլոր հայկական միութիւններու հետ, որոնց կարգին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետ, ի փառս հայկական մշակոյթին:

Թորանեան նաեւ լաւ հրապարակագիր էր եւ հրապարակախօս: Ան պիտի մնայ 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ ամենակարդացուած հրապարակագիրներէն մէկը, որու յօդուածները ապագային պիտի ծառայեն որպէս աղբիւր գրելու համար այդ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը:

Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ իր ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու գաղափարի ընկերներուն պարգեւէ երկնային համբերութիւն:

Հայաստանի մէջ մեկնարկեց նախընտրական քարոզարշաւը. Այն պիտի տեւէ 12 օր
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ մեկնարկեց նախընտրական քարոզարշաւը. Այն պիտի տեւէ 12 օր

ՀՀ ԱԳ նախարարի բոլոր տեղակալները հրաժարական ներկայացուցած են
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ ԱԳ նախարարի բոլոր տեղակալները հրաժարական ներկայացուցած են

ԱնցնիլՎեր