Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Իտալիոյ նախագահական «Քուիրինալէ» պալատին մօտ գտնուող այգիին մէջ

Հռոմի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Իտալիոյ նախագահական «Քուիրինալէ» պալատի հարեւանութեամբ գտնուող այգիին մէջ: Այս մասին «Արմէնբրես»-ի հարցմանն ի պատասխան տեղեկացուցած են ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն: Այն, նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն, պիտի ըլլայ կիսանդրի: Հեղինակը եւ նիւթը, որմէ պատրաստուած պիտի ըլլայ կիսանդրին, դեռ որոշուած չեն՝  նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ արձանն իտալական կողմի պահանջով պէտք է համապատասխանէ որոշակի չափանիշներու։ Առայժմ յստակեցուած չէ՝ արձանը պիտի պատրաստուի Հայաստաի, թէ Իտալիոյ մէջ: Աշխատանքներ կը տարուին 2020-ի ընթացքին կիսանդրին տեղադրելու ուղղութեամբ։ Ինչ կը վերաբերի Միլանի մէջ Կոմիտասի արձանի տեղադրման, ապա այդ մտայղացումը կը գտնուի նախնական քննարկման փուլի մէջ եւ այլ մանրամասներ դեռ
17 Դեկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Իտալիոյ նախագահական «Քուիրինալէ» պալատին մօտ գտնուող այգիին մէջ

Հռոմի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Իտալիոյ նախագահական «Քուիրինալէ» պալատի հարեւանութեամբ գտնուող այգիին մէջ: Այս մասին «Արմէնբրես»-ի հարցմանն ի պատասխան տեղեկացուցած են ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Այն, նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն, պիտի ըլլայ կիսանդրի: Հեղինակը եւ նիւթը, որմէ պատրաստուած պիտի ըլլայ կիսանդրին, դեռ որոշուած չեն՝  նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ արձանն իտալական կողմի պահանջով պէտք է համապատասխանէ որոշակի չափանիշներու։ Առայժմ յստակեցուած չէ՝ արձանը պիտի պատրաստուի Հայաստաի, թէ Իտալիոյ մէջ: Աշխատանքներ կը տարուին 2020-ի ընթացքին կիսանդրին տեղադրելու ուղղութեամբ։

Ինչ կը վերաբերի Միլանի մէջ Կոմիտասի արձանի տեղադրման, ապա այդ մտայղացումը կը գտնուի նախնական քննարկման փուլի մէջ եւ այլ մանրամասներ դեռ յայտնի չեն:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 11–ին
Նախորդ նիւթը

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 11–ին

ԱԱԾ-ն բացայայտած է Երեւանի նախկին քաղաքապետի կողմէ խոշոր չափի կաշառք ստանալու դէպք
Յաջորդ նիւթը

ԱԱԾ-ն բացայայտած է Երեւանի նախկին քաղաքապետի կողմէ խոշոր չափի կաշառք ստանալու դէպք

ԱնցնիլՎեր