Թուրքիան կը վերածուի ծովահէնային պետութեան. Կիպրոս

Թուրքիան կը վերածուի ծովահէնային պետութեան, յայտարարած է Կիպրոսի նախագահն այն բանէն ետք, երբ Թուրքիան յայտնած է Կիպրոսի ջուրեր նոր հորատող նաւ ուղարկելու ծրագրերու մասին, կը փոխանցէ Cyprus Mail-ը: «Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ Թուրքիան կը վերածուի ծովահէնային պետութեան: Հակառակ ջերմուժի փոխգործակցութեան, որ ստեղծուած էր տարածաշրջանին մէջ, Թուրքիան կը պնդէ միջազգային անօրինութեան ուղիի մասին»,- նշուած է Կիպրոսի նախագահի յայտարարութեան մէջ: Կիպրոսը եւ Յունաստանը կը վիճարկեն տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ յաւակնութիւնները: Թուրքիան կը պնդէ, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած Կիպրոսի կառավարութեան՝ կազի հետախուզում իրականացնելու փորձերը թուրք կիպրոսցիներու իրաւունքներու խախտում են: Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ֆաթիհ Տոնմեզն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Yavuz հորատման կայանքը
22 Հունվարի 2020
3 ր. ընթերցում
Թուրքիան կը վերածուի ծովահէնային պետութեան. Կիպրոս

Թուրքիան կը վերածուի ծովահէնային պետութեան, յայտարարած է Կիպրոսի նախագահն այն բանէն ետք, երբ Թուրքիան յայտնած է Կիպրոսի ջուրեր նոր հորատող նաւ ուղարկելու ծրագրերու մասին, կը փոխանցէ Cyprus Mail-ը:

«Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ Թուրքիան կը վերածուի ծովահէնային պետութեան: Հակառակ ջերմուժի փոխգործակցութեան, որ ստեղծուած էր տարածաշրջանին մէջ, Թուրքիան կը պնդէ միջազգային անօրինութեան ուղիի մասին»,- նշուած է Կիպրոսի նախագահի յայտարարութեան մէջ:

Կիպրոսը եւ Յունաստանը կը վիճարկեն տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ յաւակնութիւնները: Թուրքիան կը պնդէ, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած Կիպրոսի կառավարութեան՝ կազի հետախուզում իրականացնելու փորձերը թուրք կիպրոսցիներու իրաւունքներու խախտում են:

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ֆաթիհ Տոնմեզն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Yavuz հորատման կայանքը պիտի տեղակայուի Կիպրոսի մէջ հորատման աշխատանքներ կատարելու համար:

Եւրոյանձնաժողովի մէջ արտասահմանեան գործերով ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանոն նոյնպէս դատապարտած է Թուրքիոյ ծրագիրները՝ յայտարարելով, որ այս քայլը խախտած է երկխօսութեան պայմանները: 

Պոլսոյ քաղաքապետը Տինքի սպանութեան օրը ցաւակցական գրառում կատարած է
Նախորդ նիւթը

Պոլսոյ քաղաքապետը Տինքի սպանութեան օրը ցաւակցական գրառում կատարած է

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Տաւոսի համաժողովին
Յաջորդ նիւթը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Տաւոսի համաժողովին

ԱնցնիլՎեր