Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւնը․ ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ նախագահի՝ ԱՄՆ-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եղած յայտարարութիւններու մասին՝ նշելով, որ անոնց մէջ առկայ են պնդումներ, որոնք նպատակ ունին զոհերու արժանապատւութիւնը վիրաւորելու միջոցով արդարացնելու ցեղասպանութիւնը: Հայաստանի ԱԳՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի յետագայ ծաւալման լոյսին տակ, Թուրքիոյ նախագահը վերջին օրերուն հանդէս կու գայ իրարամերժ եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւններով: Այս տարի 24 Ապրիլին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան արդէն իսկ արդարացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացումը` զայն որակելով «ամենաողջմիտ գործողութիւն», իսկ ցեղասպանութեան զոհերը` «հայկական աւազակախումբեր եւ անոնց աջակիցներ»: Այժմ Թուրքիոյ նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը կը զրկէ նոյնիսկ իրենց պատմական հայրենիքէն`
19 Նոյեմբերի 2019
8 ր. ընթերցում
Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւնը․ ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ նախագահի՝ ԱՄՆ-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եղած յայտարարութիւններու մասին՝ նշելով, որ անոնց մէջ առկայ են պնդումներ, որոնք նպատակ ունին զոհերու արժանապատւութիւնը վիրաւորելու միջոցով արդարացնելու ցեղասպանութիւնը:

Հայաստանի ԱԳՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի յետագայ ծաւալման լոյսին տակ, Թուրքիոյ նախագահը վերջին օրերուն հանդէս կու գայ իրարամերժ եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւններով:

Այս տարի 24 Ապրիլին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան արդէն իսկ արդարացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացումը` զայն որակելով «ամենաողջմիտ գործողութիւն», իսկ ցեղասպանութեան զոհերը` «հայկական աւազակախումբեր եւ անոնց աջակիցներ»: Այժմ Թուրքիոյ նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը կը զրկէ նոյնիսկ իրենց պատմական հայրենիքէն` զանոնք անուանելով քոչուորներ, մոռնալով իր նախնիներուն եւ տարածաշրջանի բնիկներուն պատմութիւնը:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը անկասկած անհրաժեշտ են ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան համար: Սակայն անհրաժեշտ է ոչ այնքան պատմութեան կամ պատմաբաններուն, որքան այսօր համայն մարդկութեան եւ յատկապէս ինքնութեան հողին վրայ կատարուող յանցագործութիւններու զոհերուն համար: Անոնք անհրաժեշտ են այն մարդոց եւ ժողովուրդներուն, որոնց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր, կրօնական եւ էթնիկ ազգային պատկանելիութեան համար, անուանելով ահաբեկիչներ, կ’ենթարկէ բռնութեան եւ բռնագաղթի իր իսկ դրացկ երկրի տարածքին: Ան անհրաժեշտ է ցեղասպան ընկալումներու յաղթահարման եւ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր պաշտպանութեան համար:

Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներու եւ միջազգային հանրութեան համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն է, որ նաեւ հիմք կը ծառայէ Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ կանխարգիլման 1948թ․-ի ՄԱԿ-ի պայմանադրութեան մշակման եւ հետագային անոր հիման վրայ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ձեւերու ներդրման համար:

Արդարացնելով եւ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուժի կիրառումով մերժողական քաղաքականութիւն վարելով իր դրացիներուն հանդէպ, երկու տասնամեակէն աւելի շարունակելով Հայաստանի ցամաքային շրջափակումը, եւ ռազմաքաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելով Ատրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համար` Թուրքիան կը շարունակէ հանդիսանալ ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդին անվտանգութեան սպառնալիքը:

Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իր ներկայ թշնամական քաղաքականութիւնը, որուն առաջին քայլը կրնայ ըլլալ ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման եւ տարածաշրջանային սպառնալիքներու նուազեցման աշխատանքը», — նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ վճռական ենք եւ սկզբունքային. Նիկոլ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ վճռական ենք եւ սկզբունքային. Նիկոլ Փաշինեան

Թուրքիոյ քրտական կուսակցութիւնը կրնայ խորհրդարանէն ետ կանչել իր բոլոր պատգամաւորները
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ քրտական կուսակցութիւնը կրնայ խորհրդարանէն ետ կանչել իր բոլոր պատգամաւորները

ԱնցնիլՎեր