Թուրքիոյ քրտական կուսակցութիւնը կրնայ խորհրդարանէն ետ կանչել իր բոլոր պատգամաւորները

Թուրքիոյ քիւրտերու շահերը ներկայացնող խոշորագոյն քաղաքական ուժը` «Ժողովրդա-դեմոկրատական» կուսակցութիւնը, յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկէ իր պատգամաւորները երկրի Ազգային մեծ ժողովէն ետ կանչելու հնարաւորութիւնը: Այդ մասին Անգարայի մէջ յայտարարած է կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սարուհան Օլուճը: Անոր խօսքով, կուսակցութեան ղեկավար մարմինները վերջնական որոշումը պիտի կայացնեն յառաջիկայ չորեքշաբթի: Քրտական կուսակցութիւնն այդ քայլով կ’ուզէ իր բողոքը արտայայտել Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Ժողովրդա-դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ հանդիսացող աւելի քան երկու տասնեակ քաղաքապետերու պաշտօնանկութեան դէմ: Քրտամէտ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ 62 պատգամաւոր ունի: Անոնց շարքին է նաեւ հայազգի օրէնսդիր Կարօ Փայլանը:
19 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ քրտական կուսակցութիւնը կրնայ խորհրդարանէն ետ կանչել իր բոլոր պատգամաւորները

Թուրքիոյ քիւրտերու շահերը ներկայացնող խոշորագոյն քաղաքական ուժը` «Ժողովրդա-դեմոկրատական» կուսակցութիւնը, յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկէ իր պատգամաւորները երկրի Ազգային մեծ ժողովէն ետ կանչելու հնարաւորութիւնը: Այդ մասին Անգարայի մէջ յայտարարած է կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սարուհան Օլուճը:

Անոր խօսքով, կուսակցութեան ղեկավար մարմինները վերջնական որոշումը պիտի կայացնեն յառաջիկայ չորեքշաբթի: Քրտական կուսակցութիւնն այդ քայլով կ’ուզէ իր բողոքը արտայայտել Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Ժողովրդա-դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ հանդիսացող աւելի քան երկու տասնեակ քաղաքապետերու պաշտօնանկութեան դէմ:

Քրտամէտ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին մէջ 62 պատգամաւոր ունի: Անոնց շարքին է նաեւ հայազգի օրէնսդիր Կարօ Փայլանը:

Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւնը․ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Թուրքիան պէտք է վերանայի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ թշնամական քաղաքականութիւնը․ ԱԳՆ

Հայաստանը ամենաանվտանգ երկրներու ցանկին մէջ է. Gallup-ի տուեալները
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը ամենաանվտանգ երկրներու ցանկին մէջ է. Gallup-ի տուեալները

ԱնցնիլՎեր