Հայաստանը ամենաանվտանգ երկրներու ցանկին մէջ է. Gallup-ի տուեալները

Gallup-ը հրապարակած է «Համաշխարհային օրէնք եւ կարգ» 2019 թուականի զեկոյցը, ուր կը ներկայացուին, թէ տարուան ընթացքին որ երկրները ինչ յառաջընթաց կատարած են` համապատասխանելու ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման նպատակին` ունենալով «արդար, խաղաղ եւ ներառական հասարակութիւններ»: Զեկոյցին մէջ Հաաստան յայտնուած է ամենաանվտանգ երկիրներու տասնեակին մէջ` գրաւելով 7-րդ տեղը, յայտնուելով Զուիցերիոյ ու Ֆինլանտայի միջեւ: Այն հարցումին,  թէ Հայաստանի մէջ իրենք իրենց անվտանգ կը զգան, այո պատասխանած է 89 տոկոսը: Ամէնէն անվտանգ երկիրներու առաջին երեք եկիրներն են Սինկափուրը, Նորվեգիան ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: 2018-ին աֆղանցիներուն ընդամէնը 13%  ըսած է, որ իրենք իրենց ապահով կը զգան, այդպիսով այդ երկիրը կը գրաւէ ցանկին վերջին տեղը: Աղիւսակի նախավերջին
19 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հայաստանը ամենաանվտանգ երկրներու ցանկին մէջ է. Gallup-ի տուեալները

Gallup-ը հրապարակած է «Համաշխարհային օրէնք եւ կարգ» 2019 թուականի զեկոյցը, ուր կը ներկայացուին, թէ տարուան ընթացքին որ երկրները ինչ յառաջընթաց կատարած են` համապատասխանելու ՄԱԿ-ի կայուն զարգացման նպատակին` ունենալով «արդար, խաղաղ եւ ներառական հասարակութիւններ»:

Զեկոյցին մէջ Հաաստան յայտնուած է ամենաանվտանգ երկիրներու տասնեակին մէջ` գրաւելով 7-րդ տեղը, յայտնուելով Զուիցերիոյ ու Ֆինլանտայի միջեւ: Այն հարցումին,  թէ Հայաստանի մէջ իրենք իրենց անվտանգ կը զգան, այո պատասխանած է 89 տոկոսը:

Ամէնէն անվտանգ երկիրներու առաջին երեք եկիրներն են Սինկափուրը, Նորվեգիան ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:

2018-ին աֆղանցիներուն ընդամէնը 13%  ըսած է, որ իրենք իրենց ապահով կը զգան, այդպիսով այդ երկիրը կը գրաւէ ցանկին վերջին տեղը: Աղիւսակի նախավերջին եռեակին մէջ են Աֆղանստանը, Վենեզուելան ու Հարաւային Ափրիկէն:

 

Թուրքիոյ քրտական կուսակցութիւնը կրնայ խորհրդարանէն ետ կանչել իր բոլոր պատգամաւորները
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ քրտական կուսակցութիւնը կրնայ խորհրդարանէն ետ կանչել իր բոլոր պատգամաւորները

Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան հետախուզման տակ
Յաջորդ նիւթը

Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան հետախուզման տակ

ԱնցնիլՎեր