Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը գերազանցած է 8700-ը

Թուրքիոյ հարաւը երկուշաբթի տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 6234-ի: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է Anadolu գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ վարչապետ Ֆուատ Օքթայի խօսքերը: Այսօր առաւօտեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Օքթայ նաեւ յայտնած է երկրաշարժի հետեւանքով 34 810 վիրաւորի մասին: Փլուզուած է 5775 շէնք, 8000-է աւելի մարդ փրկուած է փլատակներէն: Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման նախագահութենէն յայտնած են, որ երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն մէջ կ’աշխատի 60 218 մարդ, այդ շարքին՝ 3200 փրկարար աշխարհի 65 երկիրներէ: Թուրքիոյ մէջ յետաձգուած են բոլոր մարզական միջոցառումները: Ամբողջ երկրին մէջ դպրոցները փակ պիտի մնան մինչեւ 13 փետրուարը, իսկ տուժած 10 շրջաններուն մէջ՝ մինչեւ 20
8 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը գերազանցած է 8700-ը

Թուրքիոյ հարաւը երկուշաբթի տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 6234-ի: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է Anadolu գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ վարչապետ Ֆուատ Օքթայի խօսքերը:

Այսօր առաւօտեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Օքթայ նաեւ յայտնած է երկրաշարժի հետեւանքով 34 810 վիրաւորի մասին: Փլուզուած է 5775 շէնք, 8000-է աւելի մարդ փրկուած է փլատակներէն:

Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման նախագահութենէն յայտնած են, որ երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն մէջ կ’աշխատի 60 218 մարդ, այդ շարքին՝ 3200 փրկարար աշխարհի 65 երկիրներէ:

Թուրքիոյ մէջ յետաձգուած են բոլոր մարզական միջոցառումները: Ամբողջ երկրին մէջ դպրոցները փակ պիտի մնան մինչեւ 13 փետրուարը, իսկ տուժած 10 շրջաններուն մէջ՝ մինչեւ 20 փետրուարը:

7.8  ուժգնութեամբ երկրաշարժը մեծ աւերածութիւններ ըրած է նաեւ Սուրիոյ մէջ: Երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է 1250 զոհի եւ 2054 վիրաւորի մասին:

Լիլիթ Մակունցը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին հետ քննարկած է Բերձորի միջանցքին հարցը
Նախորդ նիւթը

Լիլիթ Մակունցը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահին հետ քննարկած է Բերձորի միջանցքին հարցը

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դարի փորձութիւն է ԱՄՆ-ի եւ ամբողջ աշխարհի համար. Պայտըն
Յաջորդ նիւթը

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դարի փորձութիւն է ԱՄՆ-ի եւ ամբողջ աշխարհի համար. Պայտըն

ԱնցնիլՎեր