Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի վերանորոգեն Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը

Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են ամբողջովին վերանորոգել Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը: Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ գիտարուեստի նախարարութիւնը կից Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան հսկողութեամբ սկիզբ առած են աշխատանքներ, որոնց նպատակը մզկիթը ապագայ սերունդներուն փոխանցելն ու աշխարհին ծանօթացնելն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber» կայքը: Մզկիթի վերակառուցման եւ նախագծման աշխատանքներու իրականացման համար արձանագրութիւն ստորագրուած Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան եւ Մշակութային ժառանգութեան ու թանգարարններու գխաւոր վարչութեան միջեւ: Ըստ արձանագրութեան` նախագիծը պիտի ֆինանսաւորեն Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ գործող 26 զարգացման գործակալութիւն, իսկ վերանորոգման աշխատաքները կը նախատեսուի աւարտել 26 Օգոստոս 2021-ին` Մանազկերտի ճակատամարտի 950-ամեակին:
25 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի վերանորոգեն Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը

Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են ամբողջովին վերանորոգել Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը: Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ գիտարուեստի նախարարութիւնը կից Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան հսկողութեամբ սկիզբ առած են աշխատանքներ, որոնց նպատակը մզկիթը ապագայ սերունդներուն փոխանցելն ու աշխարհին ծանօթացնելն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber» կայքը:

Մզկիթի վերակառուցման եւ նախագծման աշխատանքներու իրականացման համար արձանագրութիւն ստորագրուած Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան եւ Մշակութային ժառանգութեան ու թանգարարններու գխաւոր վարչութեան միջեւ:

Ըստ արձանագրութեան` նախագիծը պիտի ֆինանսաւորեն Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ գործող 26 զարգացման գործակալութիւն, իսկ վերանորոգման աշխատաքները կը նախատեսուի աւարտել 26 Օգոստոս 2021-ին` Մանազկերտի ճակատամարտի 950-ամեակին:

Վահան Կոստանեանը նշանակուած է ԱԺ նախագահի խորհրդական
Նախորդ նիւթը

Վահան Կոստանեանը նշանակուած է ԱԺ նախագահի խորհրդական

«Քորոնա» ժահրի հաստատման հայկական արտադրութեան PCR փորձարկիչները արդէն պատրաստ են. Արսէն Թորոսեան
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրի հաստատման հայկական արտադրութեան PCR փորձարկիչները արդէն պատրաստ են. Արսէն Թորոսեան

ԱնցնիլՎեր