Թուրքիոյ կողմէ սպառնալիք. «Պիտի փակենք ամերիկեան զօրակայանները»

Թուրքիան կը սպառնայ փակել Ինճիրլիքի եւ Քիւրեճիքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայանները՝ ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներու եւ ամերիկեան Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւի ընդունման: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը նախօրէին թրքական ATV եւ A-Haber հեռուստաալիքներու համատեղ ուղիղ եթերին: «Եթէ պէտք ըլլայ, Ինճիրլիքն ալ կը փակենք, Քիւրեճիքն ալ, ամէն ինչ կախուած է փոխադարձ վերաբերմունքէ: Եթէ մեզ պատժամիջոցներով կը սպառնան, ապա մենք ալ պատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկենք: Երկուստեք կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներն այնպիսի քայլեր չընէ, որոնք անդառնալի հետեւանքներ կը թողեն երկկողմ յարաբերութիւններու վրայ», — ըսած է Էրտողանը: Ան պնդած է, թէ ամերիկեան կողմի գործողութիւնները չեն համապատասխաներ իրենց
17 Դեկտեմբերի 2019
7 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ կողմէ սպառնալիք. «Պիտի փակենք ամերիկեան զօրակայանները»

Թուրքիան կը սպառնայ փակել Ինճիրլիքի եւ Քիւրեճիքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ռազմակայանները՝ ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու սահմանած պատժամիջոցներու եւ ամերիկեան Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւի ընդունման: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը նախօրէին թրքական ATV եւ A-Haber հեռուստաալիքներու համատեղ ուղիղ եթերին:

«Եթէ պէտք ըլլայ, Ինճիրլիքն ալ կը փակենք, Քիւրեճիքն ալ, ամէն ինչ կախուած է փոխադարձ վերաբերմունքէ: Եթէ մեզ պատժամիջոցներով կը սպառնան, ապա մենք ալ պատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկենք: Երկուստեք կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներն այնպիսի քայլեր չընէ, որոնք անդառնալի հետեւանքներ կը թողեն երկկողմ յարաբերութիւններու վրայ», — ըսած է Էրտողանը:

Ան պնդած է, թէ ամերիկեան կողմի գործողութիւնները չեն համապատասխաներ իրենց դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին յորդորելով վերջ դնել երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններու բնոյթի հետ կապ չունեցող հարցերը «ներքաղաքական բանավէճերու առարկայ դարձնելուն»:

«Կ’ակնկալենք, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնն անհրաժեշտ միջոցներ պիտի ձեռնարկէ՝ կանխելու համար այն քայլերը, որոնք կրնան աւելի վնասել երկկողմ յարաբերութիւնները», — նշած է Էրտողանը:

Թուրքիոյ նախագահը չէ մոռցած արխիւներու թեման: «Մենք հիմա կը բանանք մեր զինուած ուժերու արխիւներուն մէջ առկայ աւելի քան մէլ միլիոն փաստաթուղթ, թող գան պատմաբաններն ու իրաւաբանները, ուսումնասիրեն զանոնք: Հայաստանի մէջ կա՞յ, թէ՞ ոչ: Թող բոլորն ալ բանան իրենց արխիւները, որ ուսումնասիրուին պատմաբաններու յանձնաժողովներու կողմէ: Անկէ ետք միայն հարկ եղած պարագային մենք՝ քաղաքական գործիչներս, կը միջամտենք», — ըսած է Էրտողանը՝ աւելցնելելով, թէ ցեղասպանութեան հարցի մասին կարելի է խօսիլ միայն հիմնաւորուած փաստարկներով:

Թուրքիոյ նախագահը շտապած է նաեւ պատմութեան դասեր տալ Հայոց ցեղասպանութեան հարցն իրենց խորհրդարան բերած երկիրներուն: Ան ԱՄՆ-ին յիշեցուցած է հնդիկներու մասին՝ այդ թեման համարելով ամերիկացիներու ամօթը, ֆրանսացիներուն ալ մեղադրած է Ռուանտայի եւ Ալժիրիոյ կոտորածները իրականացնելու մէջ:

«Մենք ի ցոյց կը դնենք, որ Արեւմուտքի անցեալը խտրականութեան եւ գաղութատիրութեան պատմութիւն է», — յայտարարած է Էրտողանը՝ համոզմունք յայտնելով, թէ ցեղասպանութիւններով ու կոտորածներով լեցուն պատմական անցեալ ունեցողները իրաւունք չունին արտայայտուելու թրքական «պանծալի» պատմութեան մասին:

Ճօ Պայտըն ողջունած է Սենատի որոշումը
Նախորդ նիւթը

Ճօ Պայտըն ողջունած է Սենատի որոշումը

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը կ'ողջունէ Արցախի իր կառոյցի՝ յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն Մասիս Մայիլեանին աջակցելու որոշումը
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը կ’ողջունէ Արցախի իր կառոյցի՝ յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն Մասիս Մայիլեանին աջակցելու որոշումը

ԱնցնիլՎեր