Թուրքիոյ մէջ հայկական կրօնական ժառանգութիւնը սպառնալիքի տակ է

Թուրքիան կը կիրառէ «հայ համայնքը վախեցնելու նոր ձեւեր», կ’ըսուի ԱՄՆ-ի Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնաժողովի հաշուետուութեան մէջ: Կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ժառանգութեան հայկական կէտերը տակաւին կը գտնուին սպառնալիքի ներքոյ: 2021-ի սկիզբը Քիւթախյէի մէջ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին քանդուած է, երբ անցած է անյայտ անձի սեփականութեան ներքոյ՝ չնայած որ ունեցած է պահպանուող առարկայի կարգավիճակ: Օգոստոսին աւիրած են Վանի մէջ հայկական գերեզմանատունը: Հաշուետուութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յաճախ կը շարունակէ շինարարութիւնը, որ կը սպառնայ գերեզմանատներին. օրինակ՝ 2021-ի Մարտին ընդդիմադիր պատգամաւոր  Կարօ Փայլանը, որ ունի հայկական արմատներ, խորհրդարանական հարցում ուղղած է տեղեկանալու, թէ ինչու կառավարութիւնը չէ դադրեցուցած պետական դրամատան շինարարութիւնը Անգարայի պատմական
6 Դեկտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ հայկական կրօնական ժառանգութիւնը սպառնալիքի տակ է

Թուրքիան կը կիրառէ «հայ համայնքը վախեցնելու նոր ձեւեր», կ’ըսուի ԱՄՆ-ի Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնաժողովի հաշուետուութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ժառանգութեան հայկական կէտերը տակաւին կը գտնուին սպառնալիքի ներքոյ: 2021-ի սկիզբը Քիւթախյէի մէջ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին քանդուած է, երբ անցած է անյայտ անձի սեփականութեան ներքոյ՝ չնայած որ ունեցած է պահպանուող առարկայի կարգավիճակ: Օգոստոսին աւիրած են Վանի մէջ հայկական գերեզմանատունը:

Հաշուետուութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յաճախ կը շարունակէ շինարարութիւնը, որ կը սպառնայ գերեզմանատներին. օրինակ՝ 2021-ի Մարտին ընդդիմադիր պատգամաւոր  Կարօ Փայլանը, որ ունի հայկական արմատներ, խորհրդարանական հարցում ուղղած է տեղեկանալու, թէ ինչու կառավարութիւնը չէ դադրեցուցած պետական դրամատան շինարարութիւնը Անգարայի պատմական կեդրոնին մէջ՝ հայկական գերեզմանատան տեղում: 2021-ի Ապրիլին ի պատասխան Փայլանի դիմումի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ պատգամաւոր Եումիթ Օզտակը սպառնացած է. «Դուք նոյնպէս կ’ունենաք Թալեաթ փաշայի փորձը»:

Արցախի մէջ 19-ամեայ զինուոր զոհուած է
Նախորդ նիւթը

Արցախի մէջ 19-ամեայ զինուոր զոհուած է

Այսօր Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 33-րդ տարելիցն է
Յաջորդ նիւթը

Այսօր Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 33-րդ տարելիցն է

ԱնցնիլՎեր