Թուրքիոյ մէջ ձերբակալած են HDP քրտամէտ կուսակցութեան անդամը, որուն զրկած են պատգամաւորի կարգավիճակէն

Թուրքիոյ մէջ ոստիկանութիւնը կիրակի ձերբակալած է քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) պատգամաւոր Օմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը, անոր ձերբակալած են կուսակցութեան կեդրոնակայանին մէջ, ուր ան 4 օր է անցուցած է՝ ի նշան իրեն պատգամաւորական լիազօրութիւններէ զրկելու դէմ բողոքի: Կուսակցութենէն յայտնած են, որ ձերբակալման պահին քաղաքական գործիչը գիշերազգեստով եւ հողաթափերով եղած է եւ կը պատրաստուէր առաւօտեան աղօթքին: Խորհրդարանն աւելի վաղ Կերկերլիօղլուն զրկած էր պատգամաւորական կարգավիճակէն եւ անով պայմանաւորուած անձեռնմխելիութենէն՝ ահաբեկչական քարոզարշաւ իրականացնելու մեղադրանքով: Երկրի դատախազութիւնն օրեր առաջ մեղադրանք առաջադրած էր կուսակցութեան դէմ քիւրտ գրոհայիններու հետ ենթադրեալ կապ ունենալու համար եւ դիմած էր Սահմանադրական դատարան՝ կուսակցութեան գործունէութիւնը կասեցնելու խնդրանքով:
22 Մարտի 2021
4 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ ձերբակալած են HDP քրտամէտ կուսակցութեան անդամը, որուն զրկած են պատգամաւորի կարգավիճակէն

Թուրքիոյ մէջ ոստիկանութիւնը կիրակի ձերբակալած է քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) պատգամաւոր Օմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլուն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը, անոր ձերբակալած են կուսակցութեան կեդրոնակայանին մէջ, ուր ան 4 օր է անցուցած է՝ ի նշան իրեն պատգամաւորական լիազօրութիւններէ զրկելու դէմ բողոքի: Կուսակցութենէն յայտնած են, որ ձերբակալման պահին քաղաքական գործիչը գիշերազգեստով եւ հողաթափերով եղած է եւ կը պատրաստուէր առաւօտեան աղօթքին:

Խորհրդարանն աւելի վաղ Կերկերլիօղլուն զրկած էր պատգամաւորական կարգավիճակէն եւ անով պայմանաւորուած անձեռնմխելիութենէն՝ ահաբեկչական քարոզարշաւ իրականացնելու մեղադրանքով:

Երկրի դատախազութիւնն օրեր առաջ մեղադրանք առաջադրած էր կուսակցութեան դէմ քիւրտ գրոհայիններու հետ ենթադրեալ կապ ունենալու համար եւ դիմած էր Սահմանադրական դատարան՝ կուսակցութեան գործունէութիւնը կասեցնելու խնդրանքով:

Միացեալ Նահանագները նախազգուշացուցած է թրքական իշխանութիւնները, որ քրտամէտ կուսակցութեան փակումը նոր հարուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան նկատմամբ: ԱՄՆ Պետական քարտուղարութենէն նշած են, որ Ուաշինկթընն ուշադրութեամբ կը հետեւի թրքական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:  

Հիւրընկալեր ենք պատերազմի ընթացքին տարբեր ռազմաճակատներու վրայ մարտնչած ու վիրաւորում ստացած մեր զինուորներու հերթական խումբը. Աննա Յակոբեան
Նախորդ նիւթը

Հիւրընկալեր ենք պատերազմի ընթացքին տարբեր ռազմաճակատներու վրայ մարտնչած ու վիրաւորում ստացած մեր զինուորներու հերթական խումբը. Աննա Յակոբեան

Եթէ չպահպանուին կանոնները, առաջիկայ շաբթուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան մօտ 6820 նոր դէպք պիտի արձանագրուի․ ԱՆ
Յաջորդ նիւթը

Եթէ չպահպանուին կանոնները, առաջիկայ շաբթուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան մօտ 6820 նոր դէպք պիտի արձանագրուի․ ԱՆ

ԱնցնիլՎեր