Թուրքիոյ մէջ նման մեծ ողբերգութեան պայմաններուն մէջ ոգեւորիչ է տեսնել Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնը. Քլաար

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունած է Հայաստանի կողմէ երկրաշարժէն վնասուած Թուրքիոյ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը: Այս մասին «Թուիթըրի էջին գրած է ան: «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նման մեծ ողբերգութեան պայմաններուն մէջ ոգեւորիչ է տեսնել դրացի Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնն ու անոր հետեւած դրական արձագանգը», գրած է Քլաար: Յիշեցնենք, որ Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկած է Թուրքիա: Մարդասիրական օգնութեամբ բեռցուած բեռնատարները փակ սահմանէն անցած են Մարգարայի կամուրջին ճամբով եւ ուղղուած երկրաշարժէն վնասուած շրջան:
13 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ նման մեծ ողբերգութեան պայմաններուն մէջ ոգեւորիչ է տեսնել Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնը. Քլաար

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունած է Հայաստանի կողմէ երկրաշարժէն վնասուած Թուրքիոյ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը: Այս մասին «Թուիթըրի էջին գրած է ան:

«Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նման մեծ ողբերգութեան պայմաններուն մէջ ոգեւորիչ է տեսնել դրացի Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնն ու անոր հետեւած դրական արձագանգը», գրած է Քլաար:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկած է Թուրքիա: Մարդասիրական օգնութեամբ բեռցուած բեռնատարները փակ սահմանէն անցած են Մարգարայի կամուրջին ճամբով եւ ուղղուած երկրաշարժէն վնասուած շրջան:

Միրզոյեան եւ Քասփրչիք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը
Նախորդ նիւթը

Միրզոյեան եւ Քասփրչիք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

Նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային նոր նախագահը կ'ընտրէ ԱԺ-ն․ Արցախի մէջ կը փոխուի Սահմանադրութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային նոր նախագահը կ’ընտրէ ԱԺ-ն․ Արցախի մէջ կը փոխուի Սահմանադրութիւնը

ԱնցնիլՎեր