Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիները բարձրանալով հայկական եկեղեցւոյ պատի վրայ՝ պարած են խաչի շուրջ

Թուրքիյո մէջ, 3 մարդ բարձրացած է Պոլսոյ Գատիգիւղ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքի պատին վրայ, եւ բարձր երաժշտութիւն միացնելով, սկսած են պարել խաչի շուրջ: Թէեւ եկեղեցւոյ մօտ ոստիկաններ եղած են, այնուամենայնիւ սրբավայրը անարգող քաղաքացիներու դէմ միջոցներ չեն ձեռնարկած: Այս միջադէպի տեսանիւթը յայտնուած է համացանցի մէջ եւ արժանացած է Թուրքիոյ հայերու եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու խիստ քննադատութեանն ու պարսաւանքին: Թուրքիոյ մէճլիսի հայ անդամ Կարօ Փայլան դատապարտած է եղածը ու կը սպասուի նաեւ, որ Պոլսոյ հայկական կառոյցները այսօր նոյնը ընեն ու աւելի անդին ալ երթալով երկրի ՆԳ կառոյցներէն պահանջեն քննութիւն բանալ եղածին վերաբերեալ։
12 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիները բարձրանալով հայկական եկեղեցւոյ պատի վրայ՝ պարած են խաչի շուրջ

Թուրքիյո մէջ, 3 մարդ բարձրացած է Պոլսոյ Գատիգիւղ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքի պատին վրայ, եւ բարձր երաժշտութիւն միացնելով, սկսած են պարել խաչի շուրջ:

Թէեւ եկեղեցւոյ մօտ ոստիկաններ եղած են, այնուամենայնիւ սրբավայրը անարգող քաղաքացիներու դէմ միջոցներ չեն ձեռնարկած:

Այս միջադէպի տեսանիւթը յայտնուած է համացանցի մէջ եւ արժանացած է Թուրքիոյ հայերու եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու խիստ քննադատութեանն ու պարսաւանքին:

Թուրքիոյ մէճլիսի հայ անդամ Կարօ Փայլան դատապարտած է եղածը ու կը սպասուի նաեւ, որ Պոլսոյ հայկական կառոյցները այսօր նոյնը ընեն ու աւելի անդին ալ երթալով երկրի ՆԳ կառոյցներէն պահանջեն քննութիւն բանալ եղածին վերաբերեալ։

Պէտք է փորձենք մշտական գործող ձեւաչափ ձեւաւորել. Ն. Փաշինեանը հանդիպած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հետ
Նախորդ նիւթը

Պէտք է փորձենք մշտական գործող ձեւաչափ ձեւաւորել. Ն. Փաշինեանը հանդիպած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հետ

Արգիշտի Քեարամեանը պաշտօնապէս նշանակուած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահ
Յաջորդ նիւթը

Արգիշտի Քեարամեանը պաշտօնապէս նշանակուած է ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահ

ԱնցնիլՎեր