Կիրակի առաւօտուն Արցախ-Ատրպէյճանական ամբողջ ճակատին վրայ հրթիռներու, հրետանու, անօդաչու սարքերու եւ օդային ռմբակոծութիւններու հսկայական ցամաքային եւ օդային յարձակման սկսելէն ետք, երկրորդ օրն է՝ կատաղի մարտերը կը շարունակուին։
Ատրպէյճան նոր յարձակումներ ձեռնարկած է հիւսիսէն՝ Մարտակերտի Մատաղիս շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ հարաւէն՝ Արաքս գետին մօտ, որոնք յաջողութեամբ կը պաշտպանուին։ Ատրպէյճանական կողմը ծանր կորուստներ կայ՝ զինուորներու եւ ռազմական տեխնիկայի։ Ստեփանակերտի Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակին վերջին հաշուետուութիւնը այդ կորուստները կը դնէ 350-է աւելի Ատրպէյճանցի զինուորներու եւ 45 տանկի, տասնեակ անօդաչու սարքերու եւ 4 ուղղաթիռներու վրայ։ Ան նաեւ կը յայտնէ Թուրքական օդուժի F16 ինքնաթիռ մը խոցելու մասին։
Արցախի կորուստները կը դրուին 45 զինուորներու եւ օդային պաշտպանութեան մէկ ստորաբաժանման, ինչպէս նաեւ տանկերու եւ մեքենաներու վրայ։ Կան խաղաղ բնակչութեան զոհեր եւ վիրաւորներ՝ ներառեալ տատիկ մը եւ անոր փոքրիկ թոռնիկը՝ Արցախի հարաւը գտնուող Մարտունիի մէջ, որոնք սպաննուեցան այս նոր Ատրպէյճանական ագրեսիայի հենց սկիզբը։ Սակայն, շատ աւելի խաղաղ բնակչութեան շէնքեր եւ կառոյցներ թիրախ դարձած են Ատրպէյճանական անօդաչու սարքերու, հրթիռներու եւ հրետանու կողմէ այսօր՝ ագրեսիայի երկրորդ օրը, հարիւրաւոր աւելի խաղաղ բնակիչներ վիրաւորուած են։ Մօտաւորապէս 80 հոգի տեղափոխուած են Երեւանի հիւանդանոցները։
Ատրպէյճան դարձեալ հսկայական եւ անխտիր յարձակում ձեռնարկած է ամբողջ ճակատին վրայ եւ ծանր հրթիռային, հրետանային եւ օդային ռմբակոծութիւններ՝ ներառեալ հսկայական թիւով Թուրքական անօդաչու սարքերու գործածութիւնը, Արցախի խորքը՝ չխնայելով, իրաւամբ
թիրախաւորելով խաղաղ բնակչութեան թիրախները Ստեփանակերտի եւ Արցախի այլ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, ներառեալ՝ դարձեալ դպրոցներ եւ մանկապարտէզներ։ Կան վստահելի տեղեկութիւններ Թուրք զինուորական անձնակազմի անմիջական մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հազարաւոր սուրիացի իսլամիստ ջիհատական ահաբեկիչներու մասին, որոնք Թուրքիոյ կողմէ օդային ճանապարհով փոխադրուած են Ատրպէյճանի կողմէ կռուելու համար https://www.reuters.com/article/us-armenia-azerbaijan-turkey-syria-idUSKBN26J25A։
«Յարձակման ծաւալն ու կատաղութիւնը աննախադէպ են, ինչպէս նաեւ Թուրքական արտադրութեան անօդաչու սարքերու գործածութիւնը եւ Թուրքիոյ ակտիւ ռազմական մասնակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը»՝ ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը եւ անոր պաշտպանութեան խօսնակը՝ երէկուայ եւ այսօրուայ իրենց մամլոյ ասուլիսներուն մէջ. «Ցեղասպան Թուրքիոյ հանցաւոր ներգրաւուածութիւնը իր «եղբօր» Ատրպէյճանի կողմէ կը փոխէ հաւասարակշռութիւնն ու չափերը, անիկա հակամարտութեան ակնյայտ սրացում է եւ կրնայ պոտենցիալ կերպով ապակայունացնել ամբողջ տարածաշրջանը»՝ շարունակեցին անոնք։
Ե՛ւ Արցախը, ե՛ւ Հայաստանը դիմած են միջազգային հանրութեան, յատկապէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբին՝ միջամտելու՝ անհապաղ վերջ դնելու Թուրքիոյ հսկայական ռազմաքաղաքական ներգրաւուածութեանը՝ Պաքուի կողմէ։ Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտակարգ նիստ մը՝ Երկուշաբթի օրը, քննարկեց Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան պաշտօնական ճանաչումը իր օրակարգին վրայ բերելը։
Թուրքիան, որ յաճախ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախկին ագրեսիաներուն իր քաղաքական եւ դիւանագիտական սատարը՝ նախագահի, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու, ինչպէս նաեւ գլխաւոր շտաբի պետի մակարդակով, այս անգամ կը թուի թէ անմիջականօրէն ներգրաւուած եւ զբաղուած է ռազմական գործողութիւններով եւ յարձակողական արշաւանքներով։ Անքարա-Պաքուի նախկին «մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» կարգախօսը կը թուի թէ վերածուած է «մէկ ազգ՝ մէկ բանակի», որ այժմ դաշտին մէջ կը տեղակայուի։
Ատրպէյճանի մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարուեցաւ Արցախի դէմ իր ագրեսիայի սկիզբին. եւ իր բնակչութեան իրական լուրերուն եւ սոցիալական մետիային ազատ հասանելիութիւնը զրկելու յստակ մտադրութեամբ՝ ամբողջ համացանցային համակարգը կա՛մ փակուած է, կա՛մ խիստ սահմանափակուած է Ատրպէյճանի մէջ՝ բացառութեամբ Թուիթըրի, որ լայնօրէն կը գործածուի պաշտօնական քարոզչութեան եւ ապատեղեկատուութեան/սխալ տեղեկատուութեան համար։
Թէ՛ Ռուսաստանը եւ թէ Ֆրանսան խորհուրդ տուած են ռազմական գործողութիւններու անհապաղ դադարեցում եւ վերադարձ Մինսկի խմբի բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ Պետական վարչութիւնը։
Քերոլայն Քոքս տիկին (Պարոնուհի)