ժողովրդավարութեան ամրապնդման ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան քայլերը ոգեւորիչ ու գնահատելի են. ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ

Կարեւոր է կառավարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ համագործակցութիւնը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումները արդիւնաւէտ յառաջ մղելու նպատակով, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ընդունելով ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Թերեզա Ռիպէյրօն: Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման բարեփոխումներու օրակարգը կը շարունակէ մնալ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը: Կարեւորելով նաեւ մամուլի ազատութեան ոլորտին մէջ 2018 թուականէն յետոյ արձանագրուած դրական փոփոխութիւնները` վարչապետը նկատած է, որ վերջին տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ զանգուածային լրատուամիջոցներուն մեծ մասը, այդ շարքին` հեռուստատեսային, ունին ընդդիմադիր ուղղուածութիւն: ժողովրդավարութեան ամրապնդման ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան քայլերը ոգեւորիչ ու գնահատելի են, իր հերթին ըսած է Թերեզա Ռիպէյրօն` նշելով, որ ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է նպաստելու
13 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
ժողովրդավարութեան ամրապնդման ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան քայլերը ոգեւորիչ ու գնահատելի են. ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ

Կարեւոր է կառավարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ համագործակցութիւնը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումները արդիւնաւէտ յառաջ մղելու նպատակով, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ընդունելով ԵԱՀԿ մամուլի ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Թերեզա Ռիպէյրօն:

Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման բարեփոխումներու օրակարգը կը շարունակէ մնալ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:

Կարեւորելով նաեւ մամուլի ազատութեան ոլորտին մէջ 2018 թուականէն յետոյ արձանագրուած դրական փոփոխութիւնները` վարչապետը նկատած է, որ վերջին տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ զանգուածային լրատուամիջոցներուն մեծ մասը, այդ շարքին` հեռուստատեսային, ունին ընդդիմադիր ուղղուածութիւն:

ժողովրդավարութեան ամրապնդման ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան քայլերը ոգեւորիչ ու գնահատելի են, իր հերթին ըսած է Թերեզա Ռիպէյրօն` նշելով, որ ԵԱՀԿ-ը պատրաստ է նպաստելու նաեւ լրագրողներու փորձի փոխանակման, մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման գործընթացին:

Ընդգծուած է նաեւ կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Իսթանպուլի մէջ ձիւնի առատ տեղումներու պատճառով չեղարկուած է 407 թռիչք
Նախորդ նիւթը

Իսթանպուլի մէջ ձիւնի առատ տեղումներու պատճառով չեղարկուած է 407 թռիչք

Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է Յակոբ Սէյրանի Ղազարեանը
Յաջորդ նիւթը

Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է Յակոբ Սէյրանի Ղազարեանը

ԱնցնիլՎեր