Ի՞նչ կ’ուզէ Ատրպէյճանը Հայաստանէն. «Հայկական Ժամանակ»ը 5 կէտ ներկայացուցած է

Իշխանական «Հայկական ժամանակ» պարբերականը հրապարակած է  նիւթ մը, ուր մասնաւորապէս կը նշուէ այն  պահանջները, որ Ատրպէյճան  ներկայացուցած է Հայաստանին։  Հրապարակման մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուէր՝ «Միջազգային եւ տարածաշրջանի լարուածութեան պայմաններուն  յաճախ իսկապէս դժուար է գոյքագրել Հայաստանէն Ատրպէյճանի յստակ պահանջները: Բայց եթէ երթանք գոյքագրման ճանապարհով կրնանք ըսել, որ Ատրպէյճանը Հայաստանէն ունի 5 հիմնական պահանջ: Անոնք հետեւեալն են: 1. ԼՂ պաշտպանութեան բանակի լուծարում: 2. ԼՂ ճանաչում Ատրպէյճանի կազմէն ներս, առանց որեւէ` նոյնիսկ ինքնավար կարգավիճակի: Այսինքն՝ 0 կարգավիճակով: 3. Միջանցք Հայաստանի տարածքով: 4. Սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթաց 1919, 1920 թուականի քարտէզներով (առայժմ յայտնի չէ, թէ ճիշդ ո՞ր քարտէզներու մասին է խօսքը): 5. Անհետ կորած ատրպէյճանցիներու ճակատագրի
4 Հոկտեմբերի 2022
5 ր. ընթերցում
Ի՞նչ կ'ուզէ Ատրպէյճանը Հայաստանէն. «Հայկական Ժամանակ»ը 5 կէտ ներկայացուցած է

Իշխանական «Հայկական ժամանակ» պարբերականը հրապարակած է  նիւթ մը, ուր մասնաւորապէս կը նշուէ այն  պահանջները, որ Ատրպէյճան  ներկայացուցած է Հայաստանին։ 

Հրապարակման մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուէր՝ «Միջազգային եւ տարածաշրջանի լարուածութեան պայմաններուն  յաճախ իսկապէս դժուար է գոյքագրել Հայաստանէն Ատրպէյճանի յստակ պահանջները: Բայց եթէ երթանք գոյքագրման ճանապարհով կրնանք ըսել, որ Ատրպէյճանը Հայաստանէն ունի 5 հիմնական պահանջ: Անոնք հետեւեալն են:

1. ԼՂ պաշտպանութեան բանակի լուծարում:

2. ԼՂ ճանաչում Ատրպէյճանի կազմէն ներս, առանց որեւէ` նոյնիսկ ինքնավար կարգավիճակի: Այսինքն՝ 0 կարգավիճակով:

3. Միջանցք Հայաստանի տարածքով:

4. Սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթաց 1919, 1920 թուականի քարտէզներով (առայժմ յայտնի չէ, թէ ճիշդ ո՞ր քարտէզներու մասին է խօսքը):

5. Անհետ կորած ատրպէյճանցիներու ճակատագրի պարզաբանում, հնարաւոր է յետագային Հայաստանը պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրելու միտումով:

Պէտք է հաշուի առնել, որ վերը նշուած հարցերը թուարկուած են ըստ սադրիչ գործողութիւններու հնարաւորութեան, թէ որքանով անոնք կրնան Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուիլ Հայաստանի դէմ նոր ռազմական սադրանքներ կազմակերպելու համար:

Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է հասցէագրել այս հարցերը: Հասցէագրել՝ տուեալ պարագային կը նշանակէ կամ բաւարարել պահանջները, կամ գտնել փոխզիջում, կամ Ատրպէյճանը ստիպել/համոզել հրաժարիլ այդ պահանջներէն: Կամ՝ գտնել այլ տարբերակ: Այս հրապարակումը կարելի է համարել նաեւ պատասխան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն պնդման, թէ իրենք չունին ամբողջական տեղեկատւութիւն բանակցային գործընթացներուն մասին: Յաջորդիւ կ’անդրադառնանք հարցին, թէ ինչ կ’ուզէ Ռուսիան, ԱՄՆ-ը, Իրանը, ԵՄ-ը:

Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրով աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէնը
Նախորդ նիւթը

Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրով աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէնը

Վեհափառի նախաձեռնած հարթակի անհրաժեշտութիւնը կարելի է սպառած համարել. Տէր–Պետրոսեան
Յաջորդ նիւթը

Վեհափառի նախաձեռնած հարթակի անհրաժեշտութիւնը կարելի է սպառած համարել. Տէր–Պետրոսեան

ԱնցնիլՎեր