Իկտիրի հայկական պատմական տուները կ’ոչնչանան

Իկտիրի մէջ գտնուող հայկական պատմական տուները կը վերանան անխնամ վիճակի մէջ ձգուած ըլլալու հետեւանքով։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները։ Աղբիւրին համաձայն՝ Իգդիրի Սիողիւթլիւ թաղամասին մէջ, 19-րդ դարուն կառուցուած տուները կ՝ապրին իրենց վերջին օրերը։ Այդ պատմական կառոյցներէն մէկուն պատուհանին վերի հատուածը զետեղուած է 1908 թուագրուած արձանագրութիւն մը։ Կը նշուի, թէ «հայկական տուներ» անուան տակ յայտնի շինութիւնները վերածուած են աղբակոյտի, իսկ տուներու պատերուն գրութիւններ եղած են։ Իկտիրի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրինութիւնը 2013-ին՝ քաղաքի պատմական տուները պահպանման տակ վերցնելու նպատակով՝ արձանագրած էր 12 տուն, սակայն մինչ օրս որեւէ աշխատանք չէ ձեռնարկած այդ ուղղութեամբ։ Akunq.net
15 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Իկտիրի հայկական պատմական տուները կ'ոչնչանան

Իկտիրի մէջ գտնուող հայկական պատմական տուները կը վերանան անխնամ վիճակի մէջ ձգուած ըլլալու հետեւանքով։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները։

Աղբիւրին համաձայն՝ Իգդիրի Սիողիւթլիւ թաղամասին մէջ, 19-րդ դարուն կառուցուած տուները կ՝ապրին իրենց վերջին օրերը։ Այդ պատմական կառոյցներէն մէկուն պատուհանին վերի հատուածը զետեղուած է 1908 թուագրուած արձանագրութիւն մը։

Կը նշուի, թէ «հայկական տուներ» անուան տակ յայտնի շինութիւնները վերածուած են աղբակոյտի, իսկ տուներու պատերուն գրութիւններ եղած են։

Իկտիրի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրինութիւնը 2013-ին՝ քաղաքի պատմական տուները պահպանման տակ վերցնելու նպատակով՝ արձանագրած էր 12 տուն, սակայն մինչ օրս որեւէ աշխատանք չէ ձեռնարկած այդ ուղղութեամբ։

Akunq.net

Հատրութի հայկական գերեզմանները կ՚ոչնչացուին
Նախորդ նիւթը

Հատրութի հայկական գերեզմանները կ՚ոչնչացուին

Գառզուի եւ Ժանսեմի գործերը Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուին մէկ հարթակի վրայ
Յաջորդ նիւթը

Գառզուի եւ Ժանսեմի գործերը Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուին մէկ հարթակի վրայ

ԱնցնիլՎեր