«Իմ Քայլը» Բարեգործական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Տիկին Աննա Յակոբեան Ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Երկուշաբթի, Յունիս 10-ին «Իմ Քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տիկին Աննա Յակոբեան, հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակներէն ներս ընդունեց  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կենդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Ատենապետ ընկեր  Մայք Խարապեանը, փոխ-ատենապետ ընկեր  Ալեքսան Գարատանայեանը եւ ընկերուհի Սօսի Պըլըխեանը: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամները նախ շնորհաւորեցին Տիկին  Յակոբեանը հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելուն համար եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն մաղթեցին իրեն: Միաժամանակ վստահեցուցին թէ պատրաստ են օժանդակելու հիմնադրամին կարեւոր ծրագիրներու իրականացման գծով, աւելցնելով որ  գործակցութիւնը անհրաժեշտ է որ ըլլայ  շարունակական: Տիկին Յակոբեան ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամներուն  հակիրճ կերպով ներկայացուց «Իմ Քայլը» հիմնադրամի գործող ու ծրագրման փուլի մէջ գտնուող նախաձեռնութիւնները, յատկապէս առանձնացնելով «Ճախրուկ» ընկերային սրճատուն հիմնելու ծրագիրը, որ կ’իրագործուի «Ճախրուկ»
12 Հունիսի 2024
9 ր. ընթերցում
«Իմ Քայլը» Բարեգործական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Տիկին Աննա Յակոբեան Ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչները

Երկուշաբթի, Յունիս 10-ին «Իմ Քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տիկին Աննա Յակոբեան, հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակներէն ներս ընդունեց  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կենդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Ատենապետ ընկեր  Մայք Խարապեանը, փոխ-ատենապետ ընկեր  Ալեքսան Գարատանայեանը եւ ընկերուհի Սօսի Պըլըխեանը:

ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամները նախ շնորհաւորեցին Տիկին  Յակոբեանը հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելուն համար եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն մաղթեցին իրեն: Միաժամանակ վստահեցուցին թէ պատրաստ են օժանդակելու հիմնադրամին կարեւոր ծրագիրներու իրականացման գծով, աւելցնելով որ  գործակցութիւնը անհրաժեշտ է որ ըլլայ  շարունակական:

Տիկին Յակոբեան ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամներուն  հակիրճ կերպով ներկայացուց «Իմ Քայլը» հիմնադրամի գործող ու ծրագրման փուլի մէջ գտնուող նախաձեռնութիւնները, յատկապէս առանձնացնելով «Ճախրուկ» ընկերային սրճատուն հիմնելու ծրագիրը, որ կ’իրագործուի «Ճախրուկ» հասարակական կազմակերպութեան հետ գործակցաբար:

«Ճախրուկ» սրճատունը կամ պարզապէս «Սրճատուն»-ը ընկերային նախաձեռնութիւն  մըն է, որ կ’իրականացուի հաշմանդամութիւն, ֆիզիքական ու մտաւոր առանձայատկութիւն ունեցող երիտասարդներու համար: Ան կը նպատակադրէ կամուրջ  հանդիսանալ այդ երիտասարդներուն եւ հասարակութեան միջեւ: Սրճատան մէջ բացառապէս պիտի աշխատին հաշմանդամութիւն ունեցող երիտասարդներ, որուն իբր արդիւնք,  հասարակութեան հետ անոնց շփումը կ’աւելնայ, եւ հոգեբանական դրական մեծ ազդեցութիւն կ’ունենայ: Ծրագիրը շատ բարդ է իրականացնել, սակայն հիմնադրամը արդէն սկսած է նախապատրաստական աշխատանքներուն։

«Սրճատուն»ը պիտի ըլլայ նաեւ արուեստի կեդրոն, ուր պիտի  ցուցադրուին եւ վաճառուին այն բոլոր իրերը, որոնք իրենց ձեռքով պատրաստած են ֆիզիքական ու մտաւոր առանձայատկություն ունեցող երիտասարդները:

Տիկին Յակոբեանը ներկայացուց նաեւ հիմնադրամին կողմէ յանձն առնուած այլ ծրագիր մը ՝«Փրկութիւն» կեդրոնի շէնքը, որ լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր եւ պէտք է վերանորգուի: Ան ցերեկային խնամքի կեդրոն մըն է, որ կը յաճախուի ֆիզիքական ու մտաւոր առանձայատկութիւն ունեցող մեծահասակներու կողմէ։

Հիմնադրամը մեծ դժուարութեամբ, բայց յաջողութեամբ մեկնարկած է «Յաջողակ Կին Գործարարներ» ու աջակցութիւնը։ Շուտով 42 սկսնակ կին գործարարներ մէկական միլոն դրամ պիտի ստանան իրենց գործարքները զարգացնելու համար: Ծրագիրը փորձնական է, սակայն հիմնադրամը նպատակադրած է զայն դարձնել շարունակական: Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուեցան նաեւ հիմնադրամի  կարեւոր կարգ մը այլ ծրագիրները։

ՌԱԿ Կենդրոնական Վարչութեան Ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեան ընդծեց թէ իրարու օգնելը պէտք է մշակոյթ դառնայ մեր ժողովուրդին համար եւ աւելցուց որ ՌԱԿ-ի աշխարհատարած կուսակցական եւ համակիր լայն շրջանակներուն լաւագոյնս պիտի ներկայացուին «Իմ Քայլը» հիմնադրամի բոլոր ծրագիրները, անոնց համար  առաւելագոյն աջակցութիւն ապահովելու նախանձախնդրութեամբ։

Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոl Փաշինեանի Հանդիպումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ
Նախորդ նիւթը

Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոl Փաշինեանի Հանդիպումը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ

Հանդիպում Պաղեստինի Արտաքին Գործերու Պետ Նախարար Տքթ. Վարսէն Աղապէկեանի Հետ
Յաջորդ նիւթը

Հանդիպում Պաղեստինի Արտաքին Գործերու Պետ Նախարար Տքթ. Վարսէն Աղապէկեանի Հետ

ԱնցնիլՎեր