«Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեան հրաժարեցաւ մանտաթէն. Անոր պիտի փոխարինէ Նարեկ Ղահրամանեանը

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեանը դիմած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին պատգամաւորական մանտաթը վար դնելու կապակցութեամբ: Ճուլֆալաքեան  հանդէս  եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշած է, որ այդ քայլի դիմելու պատճառը ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած սկզբունքային անհամաձայնութիւններն են անոր ենթակայութեան տակ գտնուող ոլորտներու կառավարման մօտեցումներու վերաբերեալ: Երէկ մանտաթը վար դնելու մասին յայտարարած Արսէն Ճուլֆաքեանը պիտի փոխարինէ Նարեկ Ղահրամանեանը, որ «Իմ քայլը» դաշինքի համամասնական ցուցակի յաջորդ համարն է: Ան 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ նշանակուած էր Կապանի քաղաքապետի պաշտօնակատար: 1991-ի ծնունդ Նարեկ Ղահրամեանը ՔՊ կուսակցութեան հիմնադիր անդամ է։
10 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
«Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեան հրաժարեցաւ մանտաթէն. Անոր պիտի փոխարինէ Նարեկ Ղահրամանեանը

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեանը դիմած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին պատգամաւորական մանտաթը վար դնելու կապակցութեամբ:

Ճուլֆալաքեան  հանդէս  եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշած է, որ այդ քայլի դիմելու պատճառը ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ունեցած սկզբունքային անհամաձայնութիւններն են անոր ենթակայութեան տակ գտնուող ոլորտներու կառավարման մօտեցումներու վերաբերեալ:

Երէկ մանտաթը վար դնելու մասին յայտարարած Արսէն Ճուլֆաքեանը պիտի փոխարինէ Նարեկ Ղահրամանեանը, որ «Իմ քայլը» դաշինքի համամասնական ցուցակի յաջորդ համարն է: Ան 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ նշանակուած էր Կապանի քաղաքապետի պաշտօնակատար:

1991-ի ծնունդ Նարեկ Ղահրամեանը ՔՊ կուսակցութեան հիմնադիր անդամ է։

HIGHLIGHTS | Frosinone 1-4 Roma
Նախորդ նիւթը

HIGHLIGHTS | Frosinone 1-4 Roma

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 326-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 326-ի

ԱնցնիլՎեր