Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ բացուած է «Հայոց ցեղասպանութեան» հրապարակը

2023 թուականի 20 մարտին Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի կեդրոնին մէջ բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակը, յայտնած են Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակէն։ Միջացառումը տեղի ունեցած է՝ հակառակ Թէլ Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մեծ ճնշման։ Միջոցառման ներկայ գտնուած են Հայֆայի քաղաքապետ Էյնաթ Քալիշ-Ռոթեմը, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանը, հոգեւորականներ, Իսրայէլի եւ Հայֆայի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Այս ամսուան սկիզբը Հայֆայի քաղաքային խորհուրդը միաձայն քուէարկած է 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ քաղաքին մէջ զոհերու յիշատակին յուշարձան կանգնեցնելու օգտին: Հայֆան այսպիսով կը դառնայ Իսրայէլի երկրորդ քաղաքը, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը Փեթահ Թիքվայէն ետք (Թէլ Աւիւէն արևելք), ուր 2020 թուականի
22 Մարտի 2023
3 ր. ընթերցում
Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ բացուած է «Հայոց ցեղասպանութեան» հրապարակը

2023 թուականի 20 մարտին Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի կեդրոնին մէջ բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակը, յայտնած են Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակէն։

Միջացառումը տեղի ունեցած է՝ հակառակ Թէլ Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մեծ ճնշման։ Միջոցառման ներկայ գտնուած են Հայֆայի քաղաքապետ Էյնաթ Քալիշ-Ռոթեմը, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանը, հոգեւորականներ, Իսրայէլի եւ Հայֆայի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Այս ամսուան սկիզբը Հայֆայի քաղաքային խորհուրդը միաձայն քուէարկած է 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ քաղաքին մէջ զոհերու յիշատակին յուշարձան կանգնեցնելու օգտին:

Հայֆան այսպիսով կը դառնայ Իսրայէլի երկրորդ քաղաքը, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը Փեթահ Թիքվայէն ետք (Թէլ Աւիւէն արևելք), ուր 2020 թուականի ապրիլին բացուած է զոհերու յուշահամալիրը։

Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը պահանջած էր երկրի կառավարութենէն արգիլել յուշարձանի տեղադրումը Հայֆայի մէջ։

309 անձ Հայաստանէն անյայտ կորսուած կը համարուի հակամարտութեան սրացումներու հետեւանքով. ԿԽՄԿ
Նախորդ նիւթը

309 անձ Հայաստանէն անյայտ կորսուած կը համարուի հակամարտութեան սրացումներու հետեւանքով. ԿԽՄԿ

Քոնկրեսական Ատամ Շիֆ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցները բացառելու վերաբերեալ Պոնոյի յայտարարութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Քոնկրեսական Ատամ Շիֆ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցները բացառելու վերաբերեալ Պոնոյի յայտարարութիւնը

ԱնցնիլՎեր