Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձան պիտի բարձրացուի

Իսրայէլի մէջ պիտի տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձան: «Արմէնբրես»–ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է «Հայաստան-Իսրայէլ» միջազգային հասարակական ֆորումի համանախագահ դոկտոր Ալեքսանտր Ցինքըրը: «Թոյլտւութիւն ստացուած է, համապատասխան մաքեթը մշակուած է, եւ մենք հիմա սկսած ենք դրամահաւաք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի ստեղծման, բացման համար: Այն նախատեսուած է տեղադրել Իսրայէլի Փեթախ Թիքվա քաղաքին մէջ: Այնտեղ քաղաքապետ փոխուած է, կը կարծէինք, թէ խնդիրներ կ’ըլլան, սակայն, փառք Աստուծոյ, բոլոր հարցերը կարգաւորուած են»,-ըսած է Ալեքսանտր Ցինքըրը: Որոշում կայացուած է յուշարձանը պատրաստել Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխել Իսրայէլ: Ալեքսանտր Ցինքըրը նշած է, որ մէկ այլ ուղղութեամբ եւս կը նախատեսեն աշխատանք տանիլ: Փեթախ Թիքվայի
11 Հոկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձան պիտի  բարձրացուի

Իսրայէլի մէջ պիտի տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձան: «Արմէնբրես»–ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է «Հայաստան-Իսրայէլ» միջազգային հասարակական ֆորումի համանախագահ դոկտոր Ալեքսանտր Ցինքըրը:

«Թոյլտւութիւն ստացուած է, համապատասխան մաքեթը մշակուած է, եւ մենք հիմա սկսած ենք դրամահաւաք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի ստեղծման, բացման համար: Այն նախատեսուած է տեղադրել Իսրայէլի Փեթախ Թիքվա քաղաքին մէջ: Այնտեղ քաղաքապետ փոխուած է, կը կարծէինք, թէ խնդիրներ կ’ըլլան, սակայն, փառք Աստուծոյ, բոլոր հարցերը կարգաւորուած են»,-ըսած է Ալեքսանտր Ցինքըրը:

Որոշում կայացուած է յուշարձանը պատրաստել Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխել Իսրայէլ:

Ալեքսանտր Ցինքըրը նշած է, որ մէկ այլ ուղղութեամբ եւս կը նախատեսեն աշխատանք տանիլ: Փեթախ Թիքվայի նախկին քաղաքապետի եւ Գիւմրիի քաղաքապետի միջեւ եղած է նամակագրութիւն քոյր քաղաքներ դարձնելու մասին: Փեթախ Թիքվայի նոր քաղաքապետը եւս համաձայն է:

Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց Ճեքի Սփիրն ու Ճուտի Չուն
Նախորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց Ճեքի Սփիրն ու Ճուտի Չուն

«Եւրոմիութի՛ւն, ուշքի եկո՛ւր վերջապէս». Էրտողանը կը սպառնայ ԵՄ-ին բանալ սահմանները փախստականներու առաջ
Յաջորդ նիւթը

«Եւրոմիութի՛ւն, ուշքի եկո՛ւր վերջապէս». Էրտողանը կը սպառնայ ԵՄ-ին բանալ սահմանները փախստականներու առաջ

ԱնցնիլՎեր