Իտալիոյ խորհրդարանի յանձնաժողովը ԼՂ-ի մասին փաստաթուղթով կոչ ըրած է վերադարձնելու բոլոր ռազմագերիները

Իտալիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը միաձայն հաւանութիւն տուած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ փաստաթուղթին, որով կոչ կ’ըլլայ անյապաղ վերադարձնելու պատերազմի հետեւանքով ռազմագերի դարձած բոլոր անձանց: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին Հռոմէն յայտնած է լրագրող Թալալ Խրայիսը: Համապատասխան բանաձեւը պատգամաւորներու պալատին ներկայացուցած է պալատի նախագահ Փիէռօ Ֆասինոն: Ինչպէս ըսուած է բանաձեւին մէջ, այն կառավարութեան կը պարտաւորեցնէ կոչ ընել ազատ արձակելու բոլոր ռազմագերիները, խրախուսել կողմերը կառուցողական կերպով  նպաստել տարածքներու ականազերծման՝ կոչ ընելով անոնց իրար տրամադրելու ականապատ տարածքներու քարտէզները: Կառավարութեան կոչ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական միութեան համապատասխան հարթակներուն միջոցաւ աջակցելու 2020թ. 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ամբողջական կատարման: Ըստ բանաձեւի՝ Իտալիոյ կառավարութիւնը նաեւ պէտք
4 Մարտի 2021
3 ր. ընթերցում
Իտալիոյ խորհրդարանի յանձնաժողովը ԼՂ-ի մասին փաստաթուղթով կոչ ըրած է վերադարձնելու բոլոր ռազմագերիները

Իտալիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը միաձայն հաւանութիւն տուած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ փաստաթուղթին, որով կոչ կ’ըլլայ անյապաղ վերադարձնելու պատերազմի հետեւանքով ռազմագերի դարձած բոլոր անձանց: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին Հռոմէն յայտնած է լրագրող Թալալ Խրայիսը:

Համապատասխան բանաձեւը պատգամաւորներու պալատին ներկայացուցած է պալատի նախագահ Փիէռօ Ֆասինոն:

Ինչպէս ըսուած է բանաձեւին մէջ, այն կառավարութեան կը պարտաւորեցնէ կոչ ընել ազատ արձակելու բոլոր ռազմագերիները, խրախուսել կողմերը կառուցողական կերպով  նպաստել տարածքներու ականազերծման՝ կոչ ընելով անոնց իրար տրամադրելու ականապատ տարածքներու քարտէզները: Կառավարութեան կոչ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական միութեան համապատասխան հարթակներուն միջոցաւ աջակցելու 2020թ. 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ամբողջական կատարման:

Ըստ բանաձեւի՝ Իտալիոյ կառավարութիւնը նաեւ պէտք է կոչ ընէ Մինսքի խումբի համանախագահին՝ աջակցելու կողմերու միջեւ բանակցութիւններուն, որոնք միտուած են տարածաշրջանին մէջ խնդրի վերջնական լուծման: Նախատեսուած է, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը երկու երկիրներու հաշտեցման եւ բանակցութիւններու վերսկսման համար պէտք է օգտագործէ անոնց հետ առկայ գերազանց յարաբերութիւնները:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին միջադէպեր չեն արձանագրուած
Նախորդ նիւթը

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին միջադէպեր չեն արձանագրուած

Էրտողան առողջական խնդիրներու պատճառով կը դժուարանայ քալել
Յաջորդ նիւթը

Էրտողան առողջական խնդիրներու պատճառով կը դժուարանայ քալել

ԱնցնիլՎեր