Իրանը շուտով նոր դեսպան կ’ունենայ Հայաստանի մէջ

Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին յառաջիկային պիտի նշանակուի Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան։ Այս մասին յայտնած է իրանեան ISNA գործակալութիւնը։ Նշուած է, որ շուտով Սոպհանին պիտի գործուղուի Երեւան՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի նոր դեսպան։ Գործակալութիւնը նաեւ յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանի պաշտօնին ալ արդէն հաստատուած է Հոսէյն Աքպարիի թեկնածութիւնը։ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը այս պահուն Ապպաս Պատախշան Զոհուրին է։ Ան այս պաշտօնին նշանակուած է 2019 թուականին։ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութիւնը սկսած է 2020-ի սկիզբը:
31 Մարտի 2023
1 ր. ընթերցում
Իրանը շուտով նոր դեսպան կ'ունենայ Հայաստանի մէջ

Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին յառաջիկային պիտի նշանակուի Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան։ Այս մասին յայտնած է իրանեան ISNA գործակալութիւնը։

Նշուած է, որ շուտով Սոպհանին պիտի գործուղուի Երեւան՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի նոր դեսպան։

Գործակալութիւնը նաեւ յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանի պաշտօնին ալ արդէն հաստատուած է Հոսէյն Աքպարիի թեկնածութիւնը։

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը այս պահուն Ապպաս Պատախշան Զոհուրին է։ Ան այս պաշտօնին նշանակուած է 2019 թուականին։ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութիւնը սկսած է 2020-ի սկիզբը:

Ատրպէյճանի կողմէ կռուող ահաբեկիչները չեն լքած այդ երկրի տարածքը. Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի կողմէ կռուող ահաբեկիչները չեն լքած այդ երկրի տարածքը. Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատեց ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտիոյ յայտը
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատեց ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտիոյ յայտը

ԱնցնիլՎեր