Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատեց ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտիոյ յայտը

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատած է ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտայի յայտը, հաղորդած է Anadolu լրատուական գործակալութիւնը։ Այսպիսով, Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի բոլոր պետութիւնները վաւերացուցած են Հելսինքիի դիմումը։ Ֆինլանտան պաշտօնապէս կը դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ։ Թուրքիան եւ Հունգարիան դաշինքի անդամ միակ երկիրներն էին, որոնք երկար ժամանակ հաւանութիւն չէին տար ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Հելսինքիի յայտին։ Այս շաբթուան սկիզբը Հունգարիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Ֆինլանտայի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին: ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները 2022 թուականի 5 յուլիսին ստորագրած էին Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի միանալու արձանագրութիւնները։ Թուրքիան, սակայն, արգելափակած է անդամակցութեան գործընթացը՝ երկու սքանտինաւեան երկիրներէն պահանջելով քրտական կազմակերպութիւնները ահաբեկչական ճանչնալ, արտայանձնել ահաբեկչութեան մէջ մեղադրուողները, չեղարկել Անգարային զէնքի արգելքը։ Սակայն մարտի սկիզբը Անգարան յայտարարեց, որ պատրաստ
31 Մարտի 2023
3 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատեց ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտիոյ յայտը

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատած է ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտայի յայտը, հաղորդած է Anadolu լրատուական գործակալութիւնը։

Այսպիսով, Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի բոլոր պետութիւնները վաւերացուցած են Հելսինքիի դիմումը։ Ֆինլանտան պաշտօնապէս կը դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ։

Թուրքիան եւ Հունգարիան դաշինքի անդամ միակ երկիրներն էին, որոնք երկար ժամանակ հաւանութիւն չէին տար ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Հելսինքիի յայտին։

Այս շաբթուան սկիզբը Հունգարիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Ֆինլանտայի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին:

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները 2022 թուականի 5 յուլիսին ստորագրած էին Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի միանալու արձանագրութիւնները։ Թուրքիան, սակայն, արգելափակած է անդամակցութեան գործընթացը՝ երկու սքանտինաւեան երկիրներէն պահանջելով քրտական կազմակերպութիւնները ահաբեկչական ճանչնալ, արտայանձնել ահաբեկչութեան մէջ մեղադրուողները, չեղարկել Անգարային զէնքի արգելքը։

Սակայն մարտի սկիզբը Անգարան յայտարարեց, որ պատրաստ է վաւերացնելու Ֆինլանտայի թեկնածութիւնը մայիսին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ։

Շուէտի պարագային Թուրքիան կը շարունակէ առարկութիւններ ունենալ։

Իրանը շուտով նոր դեսպան կ'ունենայ Հայաստանի մէջ
Նախորդ նիւթը

Իրանը շուտով նոր դեսպան կ’ունենայ Հայաստանի մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին իրավիճակը յղի է ապակայունացմամբ. ՀԱՊԿ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին իրավիճակը յղի է ապակայունացմամբ. ՀԱՊԿ

ԱնցնիլՎեր