Իւրաքանչիւր հայ պէտք է հասկնայ, որ պահը օրհասական է, եւ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումը իրմէ կախուած է. Փաշինեան

Պարզ է, որ հերթական անգամ հրադադարը չպահպանուեցաւ, քիչ առաջ դիմատետրի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեան նշեց, որ չենք գիտեր, թէ ԱՄՆ-ի նախագահը ինչպէս կ’արձագանգէ հրադադարի ձախողման, եւ տեղեկացուց, թէ կէսգիշերը անց հեռախօսազրոյց ունեցած է Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ, որ ըսած է` քանի որ այս իրենց համար առաջին հրադադարն է, իսկ կողմերու համար երրորդը, կարելի է արդեօք մօտաւոր կանխատեսել, թէ ինչ  տեղի պիտի ունենայ վաղը: «Ասել եմ, որ մեծ հաւանականութեամբ չի պահպանուի հրադադարն, ու մեծ հաւանականութեամբ Ատրպէյճանը կ’ասի, որ Հայաստանն է մեղաւորը»,- նկատեց Փաշինեան: «ճիշդ չեմ համարում ասել, թէ ինչ է պատասխանել պարոն Փոմփէօն: Յոյս
26 Հոկտեմբերի 2020
7 ր. ընթերցում
Իւրաքանչիւր հայ պէտք է հասկնայ, որ պահը օրհասական է, եւ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումը իրմէ կախուած է. Փաշինեան

Պարզ է, որ հերթական անգամ հրադադարը չպահպանուեցաւ, քիչ առաջ դիմատետրի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեան նշեց, որ չենք գիտեր, թէ ԱՄՆ-ի նախագահը ինչպէս կ’արձագանգէ հրադադարի ձախողման, եւ տեղեկացուց, թէ կէսգիշերը անց հեռախօսազրոյց ունեցած է Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի հետ, որ ըսած է` քանի որ այս իրենց համար առաջին հրադադարն է, իսկ կողմերու համար երրորդը, կարելի է արդեօք մօտաւոր կանխատեսել, թէ ինչ  տեղի պիտի ունենայ վաղը: «Ասել եմ, որ մեծ հաւանականութեամբ չի պահպանուի հրադադարն, ու մեծ հաւանականութեամբ Ատրպէյճանը կ’ասի, որ Հայաստանն է մեղաւորը»,- նկատեց Փաշինեան:

«ճիշդ չեմ համարում ասել, թէ ինչ է պատասխանել պարոն Փոմփէօն: Յոյս ունեմ, որ ԱՄՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը կը պատասխանի հարցին` արդեօք իրենք պարզեցին, թէ ում գործողութիւնների արդիւնքում է խախտուել հրադադարը, եթէ պարզեցին, ապա ինչ հետեւանքներ է ունենալու դա խախտած կողմի համար»,- ներկայացուց վարչապետը:

«Այս ողջ ընթացքում մենք եղել ենք առաւելագոյնս ճկուն, ինչի ընթացքում եկել ենք այն եզրակացութեան, որ Ատրպէյճանը հիմա առաւել եւս ոչ թէ Ղարաբաղի հարցի կարգաւորում է ուզում, այլ ուզում է Ղարաբաղի անձնատւութիւնը», — ըսաւ վարչապետը` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը պատրաստ է նոյնիսկ «ցաւոտ փոխզիջումներու», սակայն ոչ անձնատւութեան որեւէ պարագայով: Հետեւաբար, ըստ անոր, հայ ժողովուրդը սեփական շահերը պաշտպանելու միջոցներ պէտք է գտնէ, որպէսզի Ատրպէյճանի պահանջը ըլլայ ոչ թէ Ղարաբաղի անձնատւութիւնը, այլ փոխզիջում:

Նիկոլ Փաշինեան կրկին պնդեց, որ Ատրպէյճանը պատրաստ չէ եղած եւ հիմա ալ ռազմական այս իրավիճակի ֆոնին պատրաստ չէ փոխզիջումներու:

Ըստ վարչապետին` իւրաքանչիւր հայ այս պարագային պէտք է հասկնայ, որ պահը օրհասական է, եւ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումը իրմէ կախուած է: «Զինուորական կոմիսարիաների առաջ պէտք է հերթեր լինեն 24 ժամ, այսօր մեր ժողովրդի ճակատագիրն է որոշուում, եւ չկայ ճակատագրի լուծման աւելի լաւ տարբերակ, քան սեփական ձեռքերում դա վերցնելն է: Որպէս ՀՀ Զինուած Ուժերի գերագոյն գլխաւոր հրամանատար պահանջում եմ, որ ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի ենթարկուի իմ կոչին, իմ որոշմանը, հրամանին. ամէն տղամարդ պէտք է հենց հիմա ոտքի կանգնի ու գնայ իր զինուորական կոմիսարիա, սա իմ հրամանն է», — ընդգծեց վարչապետը: Ապա դիմելով կանանց` նկատել տուաւ, որ անոնք պէտք է իրենց տղամարդոց` որդիներուն եւ ամուսիններուն ըսեն, որ այս իրավիճակի մէջ որեւէ երկմտութիւն որեւէ մէկու կողմէն աններելի է:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հասկցնել կու տան, որ պիտի շարունակեն ռազմական ջանքերը Արցախի վերջնական հայաթափման ուղղութեամբ. ԱՀ Նախագահ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հասկցնել կու տան, որ պիտի շարունակեն ռազմական ջանքերը Արցախի վերջնական հայաթափման ուղղութեամբ. ԱՀ Նախագահ

Թշնամական երկու անհիւրընկալ ԱԹՍ-ներ քիչ առաջ ցած ինկան. Վահրամ Պօղոսեան
Յաջորդ նիւթը

Թշնամական երկու անհիւրընկալ ԱԹՍ-ներ քիչ առաջ ցած ինկան. Վահրամ Պօղոսեան

ԱնցնիլՎեր