«Ի գործ» 2022 ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործոց գրասենեակի «Ի գործ» 2022 ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ մայիս 10-ը: Ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն առիթ կու տայ մէկ տարի աշխատելու Հայաստանի պետական կառավարման աւելի քան 20 մարմիններու մէջ: Ծրագրին կրնան դիմել այն մասնագէտները, որոնք ունին պսակաւոր արուեստից աստիճան եւ առնուազն 5 տարուայ աշխատանքային փորձ, կամ մագիստրոսական աստիճան (կամ աւելի բարձր) եւ 3 տարուայ մասնագիտական աշխատանքային փորձ: Յայտադիմումները կ’ընդունուին հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերէնով: Յայտադիմումներու դիտարկումէն եւ հարցազրոյցներէն ետք սփիւռքահայ մասնագէտները այս տարուայ սեպտեմբեր 1-ին մէկ տարի ժամկէտով աշխատանքի պիտի անցնին համապատասխան գերատեսչութիւններուն մէջ: Այս ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն համար բացառիկ առիթ մըն է  ներդրում ունենալու  Հայաստանի պետականաշինութեան
4 Մայիսի 2022
5 ր. ընթերցում
«Ի գործ» 2022 ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործոց գրասենեակի «Ի գործ» 2022 ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ մայիս 10-ը:

Ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն առիթ կու տայ մէկ տարի աշխատելու Հայաստանի պետական կառավարման աւելի քան 20 մարմիններու մէջ: Ծրագրին կրնան դիմել այն մասնագէտները, որոնք ունին պսակաւոր արուեստից աստիճան եւ առնուազն 5 տարուայ աշխատանքային փորձ, կամ մագիստրոսական աստիճան (կամ աւելի բարձր) եւ 3 տարուայ մասնագիտական աշխատանքային փորձ: Յայտադիմումները կ’ընդունուին հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերէնով:

Յայտադիմումներու դիտարկումէն եւ հարցազրոյցներէն ետք սփիւռքահայ մասնագէտները այս տարուայ սեպտեմբեր 1-ին մէկ տարի ժամկէտով աշխատանքի պիտի անցնին համապատասխան գերատեսչութիւններուն մէջ:

Այս ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն համար բացառիկ առիթ մըն է  ներդրում ունենալու  Հայաստանի պետականաշինութեան գործին մէջ եւ իրենց փորձն ու գիտելիքները բերելու պետական կառավարման ոլորտ: Ծրագրին ծիրէն ներս արդէն իսկ աւելի քան 100 սփիւռքահայ մասնագէտներ աշխատանքի անցած են Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 25 գերատեսչութիւններու մէջ:

«Ի գործ»-ը դրամամիջոցներ կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։ Ընտրուած մասնակիցներուն կը տրամադրուի օդանաւի երթուդարձի տոմս, կեցութեան նպաստ` ամսական 336.000 ՀՀ դրամ՝ ծրագրին ընթացքին, առողջութեան ապահովագրութիւն եւ մէկ տարուան կացութեան կարգավիճակի տրամադրման վճարը:

Հարցումներու պարագային կարելի է կապ հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործոց գրասենեակին հետ՝  «[email protected]» ելեկտրոնային հասցէով:

Գրասենեակը բաղկացած է տարբեր ստորաբաժանումներէ, որոնց մէջ ներգրաւուած են սփիւռքի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Ընթացիկ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար պէտք է այցելել գրասենեակին կայքը՝ «http://diaspora.gov.am/hy»  կամ գրել «[email protected]» ելեկտրոնային հասցէով։

Հայաստանի ԱԽ քարտուղարի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնականի հանդիպում՝ Պրիւքսէլի մէջ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի ԱԽ քարտուղարի եւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնականի հանդիպում՝ Պրիւքսէլի մէջ

Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը Վերաքննիչ ատեան հասած է
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը Վերաքննիչ ատեան հասած է

ԱնցնիլՎեր