Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին անգամ ցուցադրուած է ռուսական 50 մեթրանոց դրօշը. ՌԴ ՊՆ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՌԴ Պետական դրօշին նուիրուած միջոցառում տեղի ունեցած է, որ սկսած է դրօշի բարձրացման արարողութեամբ: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ: «22 Օգստոստին մենք կը նշենք մեր երկրի Պետական դրօշի օրը, այդ տօնը կոչուած է միաւորելու բոլորը անոնց, որոնք նուիրուած են իրենց հայրենիքին, որւնց համար թանկ է իրենց երկրի, ժողովուրդի պատմութիւնը»,-անձնակազմին դիմած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի փոխհրամանատար զօրավար-մայոր Օլեկ Եկորովը: Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են խաղաղապահներն ու կամաւորները: «Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան մէջ առաջին անգամ խաղաղապահ զօրակազմի մշտական տեղակայման տարածքին մէջ տօնական միջոցառում տեղի ունեցած է ՌԴ դրօշի օրուայ առթիւ, ՌԴ-էն բերուած է ռուսական 50 մեթր երկարութեամբ
23 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին անգամ ցուցադրուած է ռուսական 50 մեթրանոց դրօշը. ՌԴ ՊՆ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՌԴ Պետական դրօշին նուիրուած միջոցառում տեղի ունեցած է, որ սկսած է դրօշի բարձրացման արարողութեամբ: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:

«22 Օգստոստին մենք կը նշենք մեր երկրի Պետական դրօշի օրը, այդ տօնը կոչուած է միաւորելու բոլորը անոնց, որոնք նուիրուած են իրենց հայրենիքին, որւնց համար թանկ է իրենց երկրի, ժողովուրդի պատմութիւնը»,-անձնակազմին դիմած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի փոխհրամանատար զօրավար-մայոր Օլեկ Եկորովը:

Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են խաղաղապահներն ու կամաւորները: «Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան մէջ առաջին անգամ խաղաղապահ զօրակազմի մշտական տեղակայման տարածքին մէջ տօնական միջոցառում տեղի ունեցած է ՌԴ դրօշի օրուայ առթիւ, ՌԴ-էն բերուած է ռուսական 50 մեթր երկարութեամբ եւ 5 մեթր լայնութեամբ դրօշը: Այն ցուցադրուած է ողջ անձնակազմին»,- ըսած է Եկորովը:

Միջոցառումը աւարտած է 50 մեթրանոց դրօշի՝ հանդիսաւոր երթով ցուցադրմամբ եւ ռազմահայրենասիրական երգերու կատարմամբ:

Այսօր Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի ընդունման օրն է
Նախորդ նիւթը

Այսօր Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի ընդունման օրն է

Հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը դեռ լուծուած չէ. Լին Թրէյսի
Յաջորդ նիւթը

Հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը դեռ լուծուած չէ. Լին Թրէյսի

ԱնցնիլՎեր