Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները պիտի ստուգեն Հատրութի մէջ հրաձգութեան մասին տեղեկատւութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները պիտի ստուգեն Հատրութի շրջանին մէջ հրաձգութեան մասին տեղեկատւութիւնը, կը յայտնեն Ռուսաստանի ՊՆ-էն: Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան տուեալներով՝ հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ամբողջ երկայնքով: Կողմերու հաշտեցման կեդրոնի կողմէ կը ստուգուի 2020 թուականի 27 դեկտեմբերին Հատրութի շրջանի Տող բնակավայրին մէջ հրազէնի հնարաւոր կիրառման մասին տեղեկատւութիւնը: Նախարարութենէն յիշեցուցած են, որ 28 դետկեմբերին կայացած է գերիներու հերթական փոխանակումը: Ռուսաստանի ռազմատիեզերական օդերու ինքնաթիռները Պաքու տեղափոխած են գերեվարուած երկու ատրպէյճանցի եւ Հայաստան վերադարձուցած՝ չորս հայ գերի:
29 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները պիտի ստուգեն Հատրութի մէջ հրաձգութեան մասին տեղեկատւութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները պիտի ստուգեն Հատրութի շրջանին մէջ հրաձգութեան մասին տեղեկատւութիւնը, կը յայտնեն Ռուսաստանի ՊՆ-էն:

Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան տուեալներով՝ հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ամբողջ երկայնքով:

Կողմերու հաշտեցման կեդրոնի կողմէ կը ստուգուի 2020 թուականի 27 դեկտեմբերին Հատրութի շրջանի Տող բնակավայրին մէջ հրազէնի հնարաւոր կիրառման մասին տեղեկատւութիւնը:

Նախարարութենէն յիշեցուցած են, որ 28 դետկեմբերին կայացած է գերիներու հերթական փոխանակումը: Ռուսաստանի ռազմատիեզերական օդերու ինքնաթիռները Պաքու տեղափոխած են գերեվարուած երկու ատրպէյճանցի եւ Հայաստան վերադարձուցած՝ չորս հայ գերի:

Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 114 նոր դէպք, առողջացած է 562 քաղաքացի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 114 նոր դէպք, առողջացած է 562 քաղաքացի

Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուած Ազնիւ Պաղտասարեանը վերադարձած է Հայաստան. Sputnik Արմենիա
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուած Ազնիւ Պաղտասարեանը վերադարձած է Հայաստան. Sputnik Արմենիա

ԱնցնիլՎեր