Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 114 նոր դէպք, առողջացած է 562 քաղաքացի

Հայաստանի մէջ 28 դեկտեմբերի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 114 նոր դէպք, առողջացած է 562 քաղաքացի, մահացած՝ 7-ը: Հիւանդութեան նոր դէպքերու փոքր թիւը պայմանաւորուած է շաբաթ-կիրակի օրերու քիչ քննութեամբ: Մէկ օրուան մէջ կատարուած է 1413 քննութիւն: Քննութիւններու ընդհանուր թիւը այսպիսով հասած է 585057-ի:  Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 157948 դէպք, որոնցմէ 139675-ը` առողջացած, 2775-ը` մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 14824 հիւանդ:  Նոյն օրը արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդն ունեցած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ 
28 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 114 նոր դէպք, առողջացած է 562 քաղաքացի

Հայաստանի մէջ 28 դեկտեմբերի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան 114 նոր դէպք, առողջացած է 562 քաղաքացի, մահացած՝ 7-ը: Հիւանդութեան նոր դէպքերու փոքր թիւը պայմանաւորուած է շաբաթ-կիրակի օրերու քիչ քննութեամբ: Մէկ օրուան մէջ կատարուած է 1413 քննութիւն: Քննութիւններու ընդհանուր թիւը այսպիսով հասած է 585057-ի:

 Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 157948 դէպք, որոնցմէ 139675-ը` առողջացած, 2775-ը` մահուան ելքով: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 14824 հիւանդ: 

Նոյն օրը արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդն ունեցած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ  հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 674 է:

Արցախցի Իրինան եւ Արամը պսակադրուած են Դադիվանքի մէջ (Լուսանկարներ)
Նախորդ նիւթը

Արցախցի Իրինան եւ Արամը պսակադրուած են Դադիվանքի մէջ (Լուսանկարներ)

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները պիտի ստուգեն Հատրութի մէջ հրաձգութեան մասին տեղեկատւութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները պիտի ստուգեն Հատրութի մէջ հրաձգութեան մասին տեղեկատւութիւնը

ԱնցնիլՎեր