ԼՂՀ իշխանութիւնները դիմած են Ռուսաստանին՝ խնդրելով օգնել տեղահանուած բնակիչներու տեղաբաշխման հարցով

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը РИА Новости-ն տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ ԼՂՀ-ն դիմած է Ռուսաստանի կառավարութեան՝ խնդրելով աջակցիլ յետպատերազմական իրավիճակին մէջ տեղահանուած բնակիչներու տեղաբաշխման հարցով: Օգնութեան մէկ մասը Մոսկուան արդէն յատկացուցած է: Ինչպէս յայտնած է արցախցի պաշտօնեան, տարածաշրջանին մէջ վերջին ռազմական հակամարտութեան ընթացքին մօտ 35-45 հազար արցախցիներ զրկուած են տանիքէ: Անոնց շարքին են ինչպէս հրետակոծութեան հետեւանքով աւերուած տուներու բնակիչները, այնպէս ալ անոնք, որոնց տուները գտնուած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ: «Այդ մարդոց մեծ մասը այսօր Հայաստան կը գտնուի: Ի հարկէ, անոնց վերադարձնելու համար մենք պէտք է անոնց ապահովենք գոնէ կեանքի, կենցաղի համար անհրաժեշտ նուազագոյն պայմաններով: Դա
24 Դեկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
ԼՂՀ իշխանութիւնները դիմած են Ռուսաստանին՝ խնդրելով օգնել տեղահանուած բնակիչներու տեղաբաշխման հարցով

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը РИА Новости-ն տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ ԼՂՀ-ն դիմած է Ռուսաստանի կառավարութեան՝ խնդրելով աջակցիլ յետպատերազմական իրավիճակին մէջ տեղահանուած բնակիչներու տեղաբաշխման հարցով: Օգնութեան մէկ մասը Մոսկուան արդէն յատկացուցած է:

Ինչպէս յայտնած է արցախցի պաշտօնեան, տարածաշրջանին մէջ վերջին ռազմական հակամարտութեան ընթացքին մօտ 35-45 հազար արցախցիներ զրկուած են տանիքէ: Անոնց շարքին են ինչպէս հրետակոծութեան հետեւանքով աւերուած տուներու բնակիչները, այնպէս ալ անոնք, որոնց տուները գտնուած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ:

«Այդ մարդոց մեծ մասը այսօր Հայաստան կը գտնուի: Ի հարկէ, անոնց վերադարձնելու համար մենք պէտք է անոնց ապահովենք գոնէ կեանքի, կենցաղի համար անհրաժեշտ նուազագոյն պայմաններով: Դա կառավարութեան առաջնահերթ խնդիրն է: Անոնց, ովքեր վերադառնում են, մենք անմիջապէս ժամանակաւոր կացարան ենք տրամադրում: Կ’օգտագործենք նաեւ հիւրանոցներն ու հասարակական շինութիւնները»,-ըսած է Մարտիրոսեանը:

Անոր խօսքով՝ ԼՂՀ իշխանութիւնները օգնութեան համար դիմած են նաեւ ՌԴ կառավարութեան: «Այսօրուայ դրութեամբ այս հարցը քննարկւում է: Օգնութեան մի մասն արդէն յատկացուել է. դա ե՛ւ շինանիւթ է, ե՛ւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ, ինչպէս օրինակ՝ ծածկոցներ եւ նմանօրինակ իրեր»,- աւելցուցած է գործիչը:

Ստեփանակերտն աւերակուած. Լուսանկարներ վիրաւոր Ստեփանակերտէն
Նախորդ նիւթը

Ստեփանակերտն աւերակուած. Լուսանկարներ վիրաւոր Ստեփանակերտէն

Ձմեռային զորակոչը պիտի մեկնարկի 25 դեկտեմբերին
Յաջորդ նիւթը

Ձմեռային զորակոչը պիտի մեկնարկի 25 դեկտեմբերին

ԱնցնիլՎեր