Խծաբերդէն գերեվարուած անձանց ետ վերադարձը յառաջիկային յանգուցալուծում պիտի ստանայ. Աւինեան

Գերիներու տուեալներու ճշդման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ նշած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը՝ աւելցնելով, որ գերիներու հետագայ փոխանակման քայլերու հետ կապուած եւս կը շարունակուին աշխատանքները: «Ատրպէյճանական կողմի հետ բանակցութիւններ են ընթանում՝ Կարմիր խաչի ու ռուսական կողմի ներգրաւուածութեամբ», -ըսած է Տիգրան Աւինեանը: Խօսելով Խծաբերդէն գերեվարուած անձանց մասին՝ փոխվարչապետը նշած է, որ տուեալները կը ճշդուին, եւ այդ նպատակով Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Օնիկ Գասպարեանը Արցախ է: Աւինեանի խօսքով՝ այս հարցի շուրջ ալ ատրպէյճանական կողմի հետ բանակցութիւններ կ’ընթանան եւ կ’ակնկալուի յանգուցալուծում՝ մօտ ժամանակներս : ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 16 դեկտեմբերին յայտնած է, որ Խծաբերդ-Հին Թաղեր հատուածին մէջ դեռ կը շարունակէ անյայտ մնալ
17 Դեկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Խծաբերդէն գերեվարուած անձանց ետ վերադարձը յառաջիկային յանգուցալուծում պիտի ստանայ. Աւինեան

Գերիներու տուեալներու ճշդման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ նշած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը՝ աւելցնելով, որ գերիներու հետագայ փոխանակման քայլերու հետ կապուած եւս կը շարունակուին աշխատանքները:
«Ատրպէյճանական կողմի հետ բանակցութիւններ են ընթանում՝ Կարմիր խաչի ու ռուսական կողմի ներգրաւուածութեամբ», -ըսած է Տիգրան Աւինեանը:
Խօսելով Խծաբերդէն գերեվարուած անձանց մասին՝ փոխվարչապետը նշած է, որ տուեալները կը ճշդուին, եւ այդ նպատակով Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Օնիկ Գասպարեանը Արցախ է: Աւինեանի խօսքով՝ այս հարցի շուրջ ալ ատրպէյճանական կողմի հետ բանակցութիւններ կ’ընթանան եւ կ’ակնկալուի յանգուցալուծում՝ մօտ ժամանակներս :

ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 16 դեկտեմբերին յայտնած է, որ Խծաբերդ-Հին Թաղեր հատուածին մէջ դեռ կը շարունակէ անյայտ մնալ 73 մարդու ճակատագիր: Միջադէպի առաջին իսկ ժամերէն, ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ, կը տարուին անհետաձգելի աշխատանքներ զինծառայողներու ճակատագրերը հնարաւորինս արագ պարզելու ուղղութեամբ:

 

Ալիեւը դեռ չի գիտակցիր իր յաղթանակի հսկայական գինը` Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը․ The National Interest
Նախորդ նիւթը

Ալիեւը դեռ չի գիտակցիր իր յաղթանակի հսկայական գինը` Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը․ The National Interest

Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը դատապարտած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը
Յաջորդ նիւթը

Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը դատապարտած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը

ԱնցնիլՎեր