Խնածախ գիւղի մօտ ՈւԱԶ–ը գլորուած է ձորը, պայմանագրային զինծառայողներ մահացած են. ՊՆ

Փետրուար 19-ին` ժամը 19:40-ի սահմաններուն, Խնածախ գիւղի մօտակայքը ձնահիւսի պատճառով Պաշտպանութեան նախարարութեան մեքենան (Ուազ տիպի կառք) գլորուած է ձորը, որու հետեւանքով մահացած են պայմանագրային զինծառայողներ Զօրանդ Հրանդի Արզումանեանը եւ Զօրակ Սամուէլի Երանոսեանը: Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ 2 զինծառայողներ տարբեր վնասուածքներով տեղափոխուած են կայազօրային հիւանդանոց. վնասուածքներ ստացած զինծառայողներու վիճակը կը գնահատուի բաւարար, կեանքին վտանգ չի սպառնար: Մեքենայի անձնակազմը, եղանակային չափազանց վատ պայմաններուն մէջ փորձելով ստորաբաժանման միւս զինծառայողներուն օգնութեան հասնիլ, խնդիրը կատարելու համար ցուցաբերած է անձնուրացութիւն: «Ցաւօք սրտի, դժբախտ պատահարի հետեւանքով վերոյիշեալ զինծառայողները մահացել են: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն յայտնում դժբախտ պատահարի հետեւանքով մահացած
20 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Խնածախ գիւղի մօտ ՈւԱԶ–ը գլորուած է ձորը, պայմանագրային զինծառայողներ մահացած են. ՊՆ

Փետրուար 19-ին` ժամը 19:40-ի սահմաններուն, Խնածախ գիւղի մօտակայքը ձնահիւսի պատճառով Պաշտպանութեան նախարարութեան մեքենան (Ուազ տիպի կառք) գլորուած է ձորը, որու հետեւանքով մահացած են պայմանագրային զինծառայողներ Զօրանդ Հրանդի Արզումանեանը եւ Զօրակ Սամուէլի Երանոսեանը:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ 2 զինծառայողներ տարբեր վնասուածքներով տեղափոխուած են կայազօրային հիւանդանոց. վնասուածքներ ստացած զինծառայողներու վիճակը կը գնահատուի բաւարար, կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Մեքենայի անձնակազմը, եղանակային չափազանց վատ պայմաններուն մէջ փորձելով ստորաբաժանման միւս զինծառայողներուն օգնութեան հասնիլ, խնդիրը կատարելու համար ցուցաբերած է անձնուրացութիւն:

«Ցաւօք սրտի, դժբախտ պատահարի հետեւանքով վերոյիշեալ զինծառայողները մահացել են:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն յայտնում դժբախտ պատահարի հետեւանքով մահացած զինծառայողների ընտանիքների անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Խաղաղ, արժանապատիւ եւ անվտանգ կեանքը եղած է Ղարաբաղեան շարժման բովանդակային նպատակը, մենք պիտի շարժինք այդ նպատակին ընդառաջ. Վարչապետի ուղերձը՝ Ղարաբաղեան շարժման 35-րդ տարեդարձի առթիւ
Նախորդ նիւթը

Խաղաղ, արժանապատիւ եւ անվտանգ կեանքը եղած է Ղարաբաղեան շարժման բովանդակային նպատակը, մենք պիտի շարժինք այդ նպատակին ընդառաջ. Վարչապետի ուղերձը՝ Ղարաբաղեան շարժման 35-րդ տարեդարձի առթիւ

«35 տարի յետոյ էլ մեր որոշումը մնում է անփոփոխ, ոգին՝ անկոտրում, ուղին՝ անշեղ». Արայիկ Յարութիւնեան
Յաջորդ նիւթը

«35 տարի յետոյ էլ մեր որոշումը մնում է անփոփոխ, ոգին՝ անկոտրում, ուղին՝ անշեղ». Արայիկ Յարութիւնեան

ԱնցնիլՎեր