Խորհրդարանը չընտրեց Փաշինեանը. Վարչապետի ընտրութեան հարցը ԱԺ-ն կրկին պիտի քննարկէ 10 Մայիսին

ԱԺ-ի մէջ քուէարկութեան դրուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրելու մասին հարցը: Կողմ՝ 1, դէմ՝ 3. ձեռնպահ՝ 75 ձայներով որոշումը չընդունուեցաւ: Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնն առաջադրած էր խորհրդարանի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը, որու ղեկավար Լիլիթ Մակունցը յայտարարած է, որ իրենք պիտի քուէարկեն «ձեռնպահ»: ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը յայտարարութիւն տարածած է վարչապետ ընտրութեան հարցի վերաբերեալ:  ««Ազգային ժողովի կանոնակարգ»  սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ եւ 6-րդ մասերու համաձայն` վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի 10 մայիսին` ժամը 12.00-ին իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:  ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն, եթէ խորհրդարանին մէջ երկու անգամ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կը լուծարուի: «Իմ
3 Մայիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Խորհրդարանը չընտրեց Փաշինեանը. Վարչապետի ընտրութեան հարցը ԱԺ-ն կրկին պիտի քննարկէ 10 Մայիսին

ԱԺ-ի մէջ քուէարկութեան դրուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրելու մասին հարցը:

Կողմ՝ 1, դէմ՝ 3. ձեռնպահ՝ 75 ձայներով որոշումը չընդունուեցաւ: Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնն առաջադրած էր խորհրդարանի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը, որու ղեկավար Լիլիթ Մակունցը յայտարարած է, որ իրենք պիտի քուէարկեն «ձեռնպահ»:

ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը յայտարարութիւն տարածած է վարչապետ ընտրութեան հարցի վերաբերեալ: 

««Ազգային ժողովի կանոնակարգ»  սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ եւ 6-րդ մասերու համաձայն` վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի 10 մայիսին` ժամը 12.00-ին իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: 

ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն, եթէ խորհրդարանին մէջ երկու անգամ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը կը լուծարուի: «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը կ’առաջադրէ՝ առաջնորդուելով տուեալ ընթացակարգով:

Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ ենթակայութեան տակ չի կրնար ըլլալ․ Արցախի ԱԺ նախագահ
Նախորդ նիւթը

Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ ենթակայութեան տակ չի կրնար ըլլալ․ Արցախի ԱԺ նախագահ

We thank you for having the courage to keep your promise in recognizing Armenian Genocide. ARMENIAN RIGHT COUNCIL
Յաջորդ նիւթը

Շնորհակալութիւն Ձեզի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Ձեր խոստումը պահելու քաջութեան համար. Հայ Իրաւունքներու Խորհուրդը

ԱնցնիլՎեր