30 Ապրիլ 2021
Նախագահ Ճօ Պայտըն
Սպիտակ Տուն
1600 Փենսիլվանիա Ավենիւ
Ուաշինկթըն, Տ.Ք. 20500
Սիրելի Նախագահ Պայտըն.
Պարոն Նախագահ, համաշխարհային հայ համայնքներու անունով, կը շնորհակալինք Ձեզի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Ձեր խոստումը պահելու քաջութեան համար։
Ձեր ճանաչումը հայերու 106-ամեայ արդարութեան պայքարին էական եւ անբաժանելի մասն է՝ ամբողջ աշխարհին վերահաստատելով, որ օսմանցիներուն կողմէ հայերուն դէմ գործադրուած վայրագութիւնները իրապէս «ցեղասպանութիւն» էին եւ կը ծանուցանէ մնացեալ աշխարհին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ առաջնորդել ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ամէնէն կարեւորը՝ մարդու իրաւունքներու իտեալներով։ Աւելին՝ Ձեր ճանաչումը կը մերժէ Թուրքիոյ պատմական ճշմարտութիւնները ժխտելու համառ քաղաքականութիւնը, որ իր նորոգուած համաթիւրքական քաղաքականութիւններուն հետ միասին կը սնուցանէ Թուրքիոյ գերակշռապաշտ երազանքները՝ կառուցուած տարածաշրջանի փոքրամասնութիւններու ճնշման եւ բնաջնջման վրայ, ինչպէս որ բացայայտօրէն երեւցաւ Արցախի պատերազմին Ատրպէյճանի կողմը Թուրքիոյ ներգրաւուածութեամբ։
Բայց, Պարոն Նախագահ, մեր գործը հոս չի կրնար դադրիլ։ Հիմա ժամանակն է առաջ շարժիլ եւ լիովին գործադրել Ազատութեան Աջակցութեան Աքթին համաձայն 907-րդ բաժինի պատժամիջոցները Ատրպէյճանի դէմ։ Ամերիկան չի կրնար թոյլ տալ Թուրքիոյ եւ/կամ անոր կցորդներուն, ինչպէս հայահակ Ալիեւի վարչակարգը, ամբողջացնել իր առաքելութիւնը՝ հայերը եւ Հայաստանը Կովկասէն հեռացնելու։
Թող Աստուած շարունակէ օրհնել Ձեզ, Նախագահ Պայտըն, իմաստութեամբ եւ բարի առողջութեամբ, մինչ կը գործէք ճիշդը Ձեր խնամքին յանձնուածներուն համար. եւ թող Աստուած օրհնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։
Հաւատարիմ Ձեզ՝
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Գլխաւոր Քարտուղար
ԱԱ:tpp