Խոցուած է հայկական ՍՈւ-25 գրոհիչը. օդաչուն հերոսաբար զոհուած է

ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնած է, Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու F-16 օդանաւի կողմէ ՀՀ օդային տարածքին մէջ խոցուած է ՀՀ ԶՈՒ ռազմաօդային ուժերու ՍՈՒ-25 գրոհիչը: Հաղորգադրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Այսօր ժամը 10:30-էն Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող  F-16 կործանիչները օդ բարձրացուցած էին Ատրպէյճանի «Գեանջա»  օդակայանէն եւ կ՛ապահովէին Ատրպէյճանի «Դալեար» օդակայանէն ՀՀ Վարդենիսի տարածաշրջանի Վարդենիս, Մեծ Մասրիք, Սոթք տարածաշրջաններու մէջ տեղակայուած ՀՀ բնակավայրերու եւ ԶՈՒ ցամաքային ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ՍՈՒ-25 եւ թրքական արտադրութեան «Պայրաքթար» ԱԹՍ-ով ռմբահրթիռային հարուածները: Տուեալ ժամանակահատուածին ՀՀ ԶՈՒ ՀՕՊ զօրքերու ստորաբաժանումներուն կրակային աջակցման մարտական խնդիրներ կը կատարէր մեր օդուժը:  Մարտական խնդիրը կատարելու ատեն հակաօդային եւ օդային մարտերու ընթացքին Թուրքիոյ
29 Սեպտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Խոցուած է հայկական ՍՈւ-25 գրոհիչը. օդաչուն հերոսաբար զոհուած է

ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնած է, Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու F-16 օդանաւի կողմէ ՀՀ օդային տարածքին մէջ խոցուած է ՀՀ ԶՈՒ ռազմաօդային ուժերու ՍՈՒ-25 գրոհիչը:

Հաղորգադրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Այսօր ժամը 10:30-էն Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող  F-16 կործանիչները օդ բարձրացուցած էին Ատրպէյճանի «Գեանջա»  օդակայանէն եւ կ՛ապահովէին Ատրպէյճանի «Դալեար» օդակայանէն ՀՀ Վարդենիսի տարածաշրջանի Վարդենիս, Մեծ Մասրիք, Սոթք տարածաշրջաններու մէջ տեղակայուած ՀՀ բնակավայրերու եւ ԶՈՒ ցամաքային ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ՍՈՒ-25 եւ թրքական արտադրութեան «Պայրաքթար» ԱԹՍ-ով ռմբահրթիռային հարուածները:

Տուեալ ժամանակահատուածին ՀՀ ԶՈՒ ՀՕՊ զօրքերու ստորաբաժանումներուն կրակային աջակցման մարտական խնդիրներ կը կատարէր մեր օդուժը: 

Մարտական խնդիրը կատարելու ատեն հակաօդային եւ օդային մարտերու ընթացքին Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերու F-16 կործանիչի կողմէ ՀՀ օդային տարածքին մէջ խոցուած է ՀՀ Զու ռազմաօդային ուժերու ՍՈՒ-25 գրոհիչը:

Օդաչուն, ցաւօք, հերոսաբար նահատակուած է:

Թուրքիոյ F-16 կործանիչը, ըստ դիտարկման, գտնուած է 60 քմ․ խորութեան, 8200 մեթր բարձրութեան վրայ»:

 

Փեսքով կը յորդորէ Թուրքիան Ղարաբաղի հարցով «կրակին իւղ չլեցնել»
Նախորդ նիւթը

Փեսքով կը յորդորէ Թուրքիան Ղարաբաղի հարցով «կրակին իւղ չլեցնել»

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Արցախի համար հաւաքած է աւելի քան 3.1 միլիոն տոլար
Յաջորդ նիւթը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Արցախի համար հաւաքած է աւելի քան 3.1 միլիոն տոլար

ԱնցնիլՎեր