Ծխախոտային արտադրատեսակներու ցուցադրումը տուգանք կ’առաջացնէ. Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմին

Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմինը յայտարարութիւն տարածած է, յայտնելով, որ 2022 թուականի 1 Յունուարէն ուժի մէջ մտած է «Ծխախոտային արտադրատեսակներու եւ անոնց փոխարինիչներու օգտագործման հետեւանքով առողջութեան հասցվող վնասի նուազեցման եւ կանխարգիլման մասին» օրէնքը: Օրէնքին համաձայն՝ կ’արգիլուի ծխախոտային արտադրատեսակներու կամ անոնց պատկանելիքներու կամ ծխախոտային արտադրատեսակներու փոխարինիչներու ցուցադրումը վաճառասրահներու եւ հանրային սնունդի կէտերուն մէջ: Օրէնքի պահանջները չկատարելը կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ 200 — 250 հազար դրամի չափով: Նոյն խախտումը կրկին կատարելը վարչական տուժի միջոցներ կիրառելէ յետոյ՝ վեց ամսուայ ընթացքին, կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ կիրառուած վարչական տուժի կրկնապատիկի չափով:
5 Հունվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Ծխախոտային արտադրատեսակներու ցուցադրումը տուգանք կ'առաջացնէ. Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմին

Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմինը յայտարարութիւն տարածած է, յայտնելով, որ 2022 թուականի 1 Յունուարէն ուժի մէջ մտած է «Ծխախոտային արտադրատեսակներու եւ անոնց փոխարինիչներու օգտագործման հետեւանքով առողջութեան հասցվող վնասի նուազեցման եւ կանխարգիլման մասին» օրէնքը:

Օրէնքին համաձայն՝ կ’արգիլուի ծխախոտային արտադրատեսակներու կամ անոնց պատկանելիքներու կամ ծխախոտային արտադրատեսակներու փոխարինիչներու ցուցադրումը վաճառասրահներու եւ հանրային սնունդի կէտերուն մէջ:

Օրէնքի պահանջները չկատարելը կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ 200 — 250 հազար դրամի չափով:

Նոյն խախտումը կրկին կատարելը վարչական տուժի միջոցներ կիրառելէ յետոյ՝ վեց ամսուայ ընթացքին, կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ կիրառուած վարչական տուժի կրկնապատիկի չափով:

Դեսպան Մակունցը դասախօսութիւն կարդացած է ԱՄՆ-ի Ռազմածովային քոլեճի ուսանողներուն
Նախորդ նիւթը

Դեսպան Մակունցը դասախօսութիւն կարդացած է ԱՄՆ-ի Ռազմածովային քոլեճի ուսանողներուն

Մաքրոն յայտարարած է, որ կը փափաքի մասնակցիլ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն
Յաջորդ նիւթը

Մաքրոն յայտարարած է, որ կը փափաքի մասնակցիլ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն

ԱնցնիլՎեր