Ծննդեան  օրուան  առթիւ   Նախագահ Արմէն Սարգսեան   շնորհաւորած է Բակօ Սահակեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմեն Սարգսեան  շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին՝ ծննդեան օրուան առթիւ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Մեծարգոյ պարոն նախագահ, Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս եւ ջերմ բարեմաղթանքներս Ձեր ծննդեան տարեդարձի առթիւ: Աւելի քան քառորդ դար Արցախը կը կերտէ իր պայքարի, ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան պատմութիւնը՝ ստեղծելով եւ ամրապնդելով պետական կառավարման եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններ: Այդ ժամանակահատուածի մէկ տասնամեակէն աւելին որպէս Արցախի նախագահ Ձեր պաշտոնավարման շրջանն է, երբ հայկական աշխարհի պատմական մէկ հատուածում շարունակած է լիարժեքորէն կայանալ եւ զարգանալ Արցախի հայկական հանրապետութիւնը: Դուք Ձեր փորձը, հեղինակութիւնը եւ դժուար իրավիճակները արժանապատուորէն հանգուցալուծելու հմտութիւնները ի շահ Արցախի ծառայեցուցած էք նաեւ ատկէ
30 Օգոստոսի 2019
4 ր. ընթերցում
Ծննդեան  օրուան  առթիւ   Նախագահ Արմէն Սարգսեան   շնորհաւորած է Բակօ Սահակեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմեն Սարգսեան  շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին՝ ծննդեան օրուան առթիւ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Մեծարգոյ պարոն նախագահ,

Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս եւ ջերմ բարեմաղթանքներս Ձեր ծննդեան տարեդարձի առթիւ:

Աւելի քան քառորդ դար Արցախը կը կերտէ իր պայքարի, ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան պատմութիւնը՝ ստեղծելով եւ ամրապնդելով պետական կառավարման եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններ: Այդ ժամանակահատուածի մէկ տասնամեակէն աւելին որպէս Արցախի նախագահ Ձեր պաշտոնավարման շրջանն է, երբ հայկական աշխարհի պատմական մէկ հատուածում շարունակած է լիարժեքորէն կայանալ եւ զարգանալ Արցախի հայկական հանրապետութիւնը:

Դուք Ձեր փորձը, հեղինակութիւնը եւ դժուար իրավիճակները արժանապատուորէն հանգուցալուծելու հմտութիւնները ի շահ Արցախի ծառայեցուցած էք նաեւ ատկէ առաջ՝ թէ արցախեան ազատագրական պայքարի եւ պատերազմի, թէ տարբեր պետական պաշտոններ զբաղեցնելու տարիներուն: Իսկ ժողովրդի վստահութեան քուէով երկու ժամկետ որպէս Արցախի նախագահ պաշտոնավարելը վստահաբար կը վկայէ, որ Դուք հասած էք յաջողութեան:

Թող այդ յաջողութիւնը Ձեզ մշտապէս ուղեկցէ բոլոր պետական եւ ազգային ձեռնարկներուն եւ անձնական կեանքի ընթացքին:

Առողջութիւն եւ ամենայն բարիք Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքին»:

Արդեօք Ուաշինկթըն պիտի պատժէ Անգարան. Քոնկրեսականներու նոր պահանջը
Նախորդ նիւթը

Արդեօք Ուաշինկթըն պիտի պատժէ Անգարան. Քոնկրեսականներու նոր պահանջը

«Ամուլսար»ի  հարց. Ըստ  Վարչապետ Փաշինեանի    նոր քննարկումներու կարիք կայ
Յաջորդ նիւթը

«Ամուլսար»ի հարց. Ըստ Վարչապետ Փաշինեանի նոր քննարկումներու կարիք կայ

ԱնցնիլՎեր