Կառավարութիւնը մտադիր է շարունակել պայքարը կաշառակերութեան դէմ

ՀՀ Կառավարութիւնը հաւանութեան արժանացուցած է շարք մը օրէնքներու մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը, որ թոյլ պիտի տայ իրաւապահ մարմիններուն հայաստանեան դրամատուներէն ստանալ ցանկացած մէկուն վերաբերող տուեալներ: Գործող կարգի համաձայն, դրամատնային գաղտնիք հանդիսացող տեղեկութիւն իրաւապահները կրնան ստանալ, եթէ տուեալ անձը մեղադրեալ է կամ կասկածեալ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նման փոփոխութիւններ կայացնելը պատճառաբանած է կաշառակերութեան  դէմ պայքարով՝ ուշագրաւ օրինակ բերելով բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը փեսայի հետ կապուած. — «Այս թեման շատ երկար եւ շատ բարդ, ամենատարբեր ֆորմաթներով քննարկուած է, եւ առկայ եղած են բազմաթիւ մտահոգութիւններ, բազմաթիւ մտավախութիւններ եւ այսպէս շարունակ: Բայց մեր քաղաքական եզրակացութիւնը հետեւեալն է. մենք կա՛մ կը պայքարինք կաշառակերութեան դէմ, կա՛մ չենք պայքարիր, որովհետեւ
13 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Կառավարութիւնը մտադիր է շարունակել պայքարը կաշառակերութեան դէմ

ՀՀ Կառավարութիւնը հաւանութեան արժանացուցած է շարք մը օրէնքներու մէջ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը, որ թոյլ պիտի տայ իրաւապահ մարմիններուն հայաստանեան դրամատուներէն ստանալ ցանկացած մէկուն վերաբերող տուեալներ:

Գործող կարգի համաձայն, դրամատնային գաղտնիք հանդիսացող տեղեկութիւն իրաւապահները կրնան ստանալ, եթէ տուեալ անձը մեղադրեալ է կամ կասկածեալ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նման փոփոխութիւններ կայացնելը պատճառաբանած է կաշառակերութեան  դէմ պայքարով՝ ուշագրաւ օրինակ բերելով բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը փեսայի հետ կապուած. — «Այս թեման շատ երկար եւ շատ բարդ, ամենատարբեր ֆորմաթներով քննարկուած է, եւ առկայ եղած են բազմաթիւ մտահոգութիւններ, բազմաթիւ մտավախութիւններ եւ այսպէս շարունակ: Բայց մեր քաղաքական եզրակացութիւնը հետեւեալն է. մենք կա՛մ կը պայքարինք կաշառակերութեան դէմ, կա՛մ չենք պայքարիր, որովհետեւ կիսապայքարը ընդունելի չէ»:

Դատարանը Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակէ 17 Սեպտեմբերին
Նախորդ նիւթը

Դատարանը Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակէ 17 Սեպտեմբերին

Ամերիկա կը շարունակէ սեղմել օղակը Թուրքիոյ դէմ. Քալիֆորնիա նահանգի  ծերակոյտը ընդունած է Թուրքիոյ հետ տնտեսական կապերու խզման օրինագիծը
Յաջորդ նիւթը

Ամերիկա կը շարունակէ սեղմել օղակը Թուրքիոյ դէմ. Քալիֆորնիա նահանգի  ծերակոյտը ընդունած է Թուրքիոյ հետ տնտեսական կապերու խզման օրինագիծը

ԱնցնիլՎեր