Ամերիկա կը շարունակէ սեղմել օղակը Թուրքիոյ դէմ. Քալիֆորնիա նահանգի  ծերակոյտը ընդունած է Թուրքիոյ հետ տնտեսական կապերու խզման օրինագիծը

11 Սեպտեմբերին Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտը ընդունած է Թուրքիոյ հետ տնտեսական կապերու խզման օրինագիծ AB 1320-ը՝ նահանգային 40  ծերակուտականներէն 33-ի՝ կողմ եւ մնացած 7-ի՝ ձեռնպահ քուէարկութեամբ, հաղորդած է Ամերիկայի հայկական համագումարը: Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտական Անդրէաս Պորկեասը (Հանրապետական-8-րդ շրջան), որուն շրջանին մէջ ընդգրկուած է Քալիֆորնիոյ Սան Խոաքին Վելին, պատասխանատու էր այս օրինագիծը նահանգային սենատի ամպիոնէն ներկայացնելու եւ առաջ մղելու ամբողջ գործընթացի ղեկավարման համար: Այս մասին յայտնած են  Ամերիկայի հայկական համագումարի մամլոյ ծառայութենէն: AB 1320-ը այժմ տեղափոխուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմին, ուր երկու կուսակցութիւններուն կողմէ ստացած է լայնածաւալ աջակցութիւն եւ ուր այն պիտի դրուի երկկողմ քուէարկութեան՝ նախքան Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւին Նիւսոմին ուղարկուիլը:
13 Սեպտեմբերի 2019
5 ր. ընթերցում
Ամերիկա կը շարունակէ սեղմել օղակը Թուրքիոյ դէմ. Քալիֆորնիա նահանգի  ծերակոյտը ընդունած է Թուրքիոյ հետ տնտեսական կապերու խզման օրինագիծը

11 Սեպտեմբերին Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտը ընդունած է Թուրքիոյ հետ տնտեսական կապերու խզման օրինագիծ AB 1320-ը՝ նահանգային 40  ծերակուտականներէն 33-ի՝ կողմ եւ մնացած 7-ի՝ ձեռնպահ քուէարկութեամբ, հաղորդած է Ամերիկայի հայկական համագումարը:

Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտական Անդրէաս Պորկեասը (Հանրապետական-8-րդ շրջան), որուն շրջանին մէջ ընդգրկուած է Քալիֆորնիոյ Սան Խոաքին Վելին, պատասխանատու էր այս օրինագիծը նահանգային սենատի ամպիոնէն ներկայացնելու եւ առաջ մղելու ամբողջ գործընթացի ղեկավարման համար: Այս մասին յայտնած են  Ամերիկայի հայկական համագումարի մամլոյ ծառայութենէն:

AB 1320-ը այժմ տեղափոխուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմին, ուր երկու կուսակցութիւններուն կողմէ ստացած է լայնածաւալ աջակցութիւն եւ ուր այն պիտի դրուի երկկողմ քուէարկութեան՝ նախքան Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւին Նիւսոմին ուղարկուիլը:

Այս օրէնսդրական նախագիծը ներկայացնողն ու անոր գլխաւոր հեղինակը Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմնի անդամ Ատրին Նազարեանն է (Դեմոկրատ-46-րդ շրջան). օրէնսդրական նախագիծը պաշտօնապէս յայտնի է «Հանրային ծառայողներու կենսաթոշակային համակարգեր, արգիլուած ներդրումներ. Թուրքիա» անուամբ:

Օրինագիծը կ’արգիլէ Քալիֆորնիոյ հանրային կենսաթոշակային գործակալութիւններուն` CalPERS-ին եւ CalSTRS-ին, կատարել նոր ներդրումներ կամ շարունակել Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ թողարկուող եւ վերահսկուող պարտքային արժեթուղթերուն եւ պարտատոմսերուն մէջ գոյութիւն ունեցող ներդրումները՝ մինչ ԱՄՆ կառավարութիւնը կը կիրառէ պատժամիջոցներ Թուրքիոյ նկատմամբ` վերջինիս կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պետականօրէն մերժելու համար:

 

Կառավարութիւնը մտադիր է շարունակել պայքարը կաշառակերութեան դէմ
Նախորդ նիւթը

Կառավարութիւնը մտադիր է շարունակել պայքարը կաշառակերութեան դէմ

Վարչապետ Փաշինեան եւ առաջին Տիկին Աննա Յակոբեան ներկայ եղան «Կիլիկիա.Առիւծներու երկիր» տեսաֆիլմի ցուցադրութեան
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան եւ առաջին Տիկին Աննա Յակոբեան ներկայ եղան «Կիլիկիա.Առիւծներու երկիր» տեսաֆիլմի ցուցադրութեան

ԱնցնիլՎեր